ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Թայմզ».- ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը իր տարեկան զեկուցումին մէջ ներկայացուց աշխարհի տարածքին գաղթականներու, ներքին տեղահանուածներու եւ ապաստան հայցողներու թիւը, որ 70.8 միլիոնի հասած է։ Անոնք իրենց տուները եւ ծննդավայր երկիրը լքած են պատերազմներու, հակամարտութիւններու ու բռնաճնշումներու հետեւանքով։ Այս թիւը ցարդ տեսնուած ամենաբարձր ցուցանիշն է։
Գաղթականներուն մեծ մասը Սուրիայէն, Աֆղանիստանէն, Հարաւային Սուտանէն եւ Սոմալիայէն է:
Գաղթականները ընդունող երկիրներուն առաջին դիրքին վրայ է Թուրքիան (3.7 միլիոն), Փաքիստան երկրորդն է (1.4 միլիոն), իսկ Ուկանտան՝ երրորդ (1.2 միլիոն):
Տեղեկագիրին համաձայն՝ 2017 հետ բաղդատած՝ գաղթականներու թիւը 2.3 միլիոնով աւելցած է, իսկ 20 տարի առաջուան հետ բաղդատած՝ կրկնապատիկ աւելցած է։ Ամէն օր մօտաւորապէս 37 հազար մարդ կը լքէ իր տունը։
ՄԱԿի Գաղթականներու հարցերու բարձր յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտի ուղերձով մը դիմեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ այլ ղեկավարներու:
Ան իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար նշեց, թէ գաղթականներու հարցին մէջ Թրամփի դիրքորոշումը կրնայ «կործանարար» հետեւանքներ ունենալ:
Իսկ ի՞նչ է «կործանարար» հետեւանքներ ունենալ»իք «Թրամփի դիրքորոշումը»: Երկիրը անօրինականներով չլեցնե՞լ…: Ինչո՞ւ այսքան միակողմանի դիրքորոշում սկսաւ որդեգրել «Ասպարէզ»: Արդեօ՞ք տեղ գտած է այն համոզումը որ «Ասպարէզ» ընթերցողները այլ մամուլի հետեւելէ զուրկ են…: Թէ՞ եղածը՝ շարունակուող անուշադրութեան հետեւանք է: