ԹԵՀՐԱՆ, «Իրնա».- Աշխարհին պիտի ստիպենք Իրանի հետ միայն յարգանքով խօսիլ, յայտարարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմետ Ճաւատ Զարիֆ, Իրանի հանքային արդիւնաբերութեան նուիրուած ձեռնարկի մը ընթացքին։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, կարեւոր նկատելով ներկայ պայմաններուն մէջ հանքային արդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ ըսաւ. «Իրանի դէմ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու ճնշումները պայմանաւորուած են շրջանին մէջ եւ աշխարհի տարածքին այդ երկրին կրած իրերայաջորդ պարտութիւններով, եւ ոչ թէ անոնց հզօրութեամբ կամ ալ Իրանի տկարութեամբ»:
Ըստ իրանեան դիւանագիտութեան պետին՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ հասկցած են, թէ Իրան հիւլէական համապարփակ համաձայնագիրին միջոցով յաջողեցաւ կոտրել իր զարգացումը սահմանափակող կաղապարները եւ անոր շնորհիւ աւելցած է շրջանին մէջ երկրին դերը, իսկ Միացեալ Նահանգները աշխարհի վրայ կը մեկուսացուի: