ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյան Տապան».- Այս օրերուն, համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած է լուսանկար մը, ըստ որուն, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իբր թէ նամակ ուղղած է ՆԱԹՕի Ընդհանուր քարտուղար Հենս Սթոլթենպըրկին։ Նամակին մէջ նշուած է Արցախը Ատրպէյճանին փոխանցելու պատրաստակամութեան մասին։
Առաջին իսկ հայեացքէն կարելի է կռահել, որ լուսանկարը եւ անոր բովանդակութիւնը կեղծ են։ Այդուհանդերձ կը ներկայացնենք որոշ մանրամասնութիւններ։
Կեղծ լուսանկարը առաջին անգամ հրապարակուած է 24 Յունիսին՝ ֆրանսական պլոքի մը վրայ՝ կեղծ օգտատիրոջ մը կողմէ։ Այնուհետեւ, 26 Յունիսին անիկա հրապարակուած է ատրպէյճանական bakililar ֆորումին վրայ՝ դարձեալ կեղծ օգտատիրոջ մը կողմէ, եւ աշխոյժ քննարկման առարկայ դարձած է։ Որոշ օգտատէրեր նոյնիսկ սկսած են տօնելու «Արցախի վերադարձը»։
28 Յունիսին, կեղծիքը լայն տարածում սկսաւ գտնելու ռուսական շարք մը ֆորումներու մէջ եւ ոչ-նշանաւոր կայքերու վրայ։ Իբրեւ հեղինակ՝ կը ներկայացուի Արթուր Գրիգորեան անունով կեղծ օգտատէրը։
Լուսանկարին կեղծ ըլլալը կարելի է կռահել կարգ մը յստակ հանգամանքներէ՝ կնիքի բացակայութիւն, նամակի համարակալման բացակայութիւն, Հանրապետութեան զինանշանին դիրքը եւ ձեւը, ինչպէս նաեւ շարք մը բովանդակութեան սխալներ։