ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի եւ Ամերիկայի Հայ իրաւաբանական միութեան ղեկավար կազմին հետ 1էն 3 Յուլիս շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւններուն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրեգորեանի եւ միջազգային հարցերու Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի տեղակալ Նինա Խաչիկեանի հետ հանդիպումին ընթացքին, Բեգլարեան ներկայացուց Արցախի մէջ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն վերաբերող մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան վիճակը եւ հիմնահարցերը: Կողմերը միտքեր փոխանակեցին համագործակցութեան հաւանական նիւթերու շուրջ՝ պայմանաւորուելով շարունակել փոխադարձ յարաբերութիւնները:

Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութեան ընթացքին, Բեգլարեան հանդէս եկաւ ելոյթով՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընդհանուր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին եւ ներկաներուն Արցախի նկատմամբ ցուցաբերուող շարունակական ուշադրութեան համար: Ան նշեց, որ անհրաժեշտութիւն կայ Սփիւռքի կողմէ աւելի մեծ ուշադրութիւն ուղղելու Արցախի մէջ տարբեր կարողութիւններու զարգացման վրայ՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով աջակցելու Սփիւռքի կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն Արցախի հետ կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան գրասենեակներու ղեկավար կազմերուն հետ հանդիպումներու ընթացքին, միտքեր փոխանակուեցան Արցախի վերաբերող ընթացիկ եւ նախատեսուող ծրագիրներու շուրջ՝ պայմանաւորուելով խորացնել համագործակցութեան մակարդակը:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպանները նաեւ արդիւնաւէտ աշխատանքային քննարկումներ ունեցան Միացեալ Նահանգներու Հայ իրաւաբանական միութեան վարչութեան հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցեցան համայնքային շարք մը ձեռնարկներու: