ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 8 Յուլիսին, Հայաստանի մօտ Ուրուկուէյի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Էդուարդօ Ռոզէնպրոք հիւրընկալուեցաւ Համազգային Երեւանի գրասենեակին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին ան ծանօթացաւ Համազգայինի գործունէութեան եւ միութեան յետագայ ծրագիրներուն: Անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի գործունէութեան ծիրին մէջ մշակութային փոխհամագործակցութեան եւ միացեալ ծրագիրներու իրականացման: Հիւպատոսին կ՛ընկերակցէր Ուրուկուէյի հայ համայնքին մէջ ճանչցուած գործիչ Աւետիս Բադանեան: