ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ 10 Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ Արցախի հակամարտութեան լուծման հարցը։
Հանդիպումէն ետք իրականացած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Թուսք անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ վերջին զարգացումներուն եւ Արցախի տագնապին։ «Այսօր նաեւ քննարկեցինք Լեռնային Ղարաբաղի չլուծուած տագնապը։ Եւրոպական Միութիւնը քաջալերուած է անցեալ տարուան շարժումներէն եւ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու նկատմամբ յանձնառութենէն ու մարդասիրական հարցերու վրայ կեդրոնացումէն։ Սակայն նաեւ կը բաժնենք Մինսկի խմբակի համանախագահներուն մտահոգութիւնը՝ շփման գիծին վրայ վերջին զոհերուն, ինչպէս նաեւ մագլցողական հռետորաբանութեան նկատմամբ։ Երկու կողմերը պէտք է զսպուածութիւն ցուցաբերեն եւ որդեգրեն խաղաղութեան ու իսկական բանակցութիւններուն առաջնորդող քայլեր», ըսաւ ան։
Ըստ անոր՝ Արցախի տագնապը ռազմական լուծում չունի եւ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքին եւ սկզբունքներուն համահունչ լուծում մը գտնել՝ աւելցնելով. «Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ ամբողջական կերպով զօրակցիլ Մինսկի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն եւ Հելսինքիի եզրափակիչ հռչակագիրի հիմնարար սկզբունքներուն հիմամբ՝ արդար եւ յարատեւ լուծումի մը վրայ անոնց կեդրոնանալուն։ Եւրոպական Միութիւնը արդէն իսկ կը զօրակցի խաղաղութեան կառուցման աշխատանքներուն եւ պատրաստ է յաւելեալ օժանդակութիւն ցուցաբերելու ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու քայլերուն»։
Իր կարգին, Փաշինեան բարձր գնահատեց հանդիպումը՝ աւելցնելով, որ երկու կողմերուն միջեւ կապերը շատ ամուր են, իսկ տեսակցութիւնը իրականացաւ բարեկամական եւ կառուցողական երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ: «Մտքերի փոխանակում ունեցանք քաղաքական եւ ճիւղային, այսպէս կոչուած, սեկտորալ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներքին կեանքին եւ տարածաշրջանային զարգացումներին վերաբերող հարցերի շուրջ: Ես վերահաստատեցի օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի Հայաստանի իշխանութիւնների որդեգրած յանձնառութիւնը: Հանդիպման ընթացքում խօսեցի Հայաստանում իրականացուող բարեփոխումների մասին՝ յիշատակելով անկախ դատական համակարգ կառուցելու ուղղութեամբ մեր գործադրած ջանքերը: Ընդգծեցի, որ Հայաստանը այդ հարցում մեծապէս կարեւորում է եւրոպական հաստատութիւնների աջակցութիւնը եւ յայտնում իր երախտագիտութիւնը՝ ցուցաբերուող աջակցութեան համար», ըսաւ ան։
Վարչապետը ընդգծեց Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ յանձնառութիւնը, շեշտելով, որ գործակցութիւնը պիտի նպաստէ Հայաստանի իշխանութիւններուն բարեփոխումներու օրակարգի գործադրութեան։
«Մենք անդրադարձանք մուտքի արտօնագրերի ազատականացման վերաբերեալ երկխօսութիւն սկսելու խնդրին: Իմ կողմից նշուեց Հայաստանի շահագրգռուածութիւնն այս հարցում յատկապէս միջանձնային շփումների ընդլայնման անհրաժեշտութեան տեսանկիւնից», շեշտեց Փաշինեան։
Վարչապետը յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը հաւասարակշռուած դիրքորոշում որդեգրած է Արցախի տագնապին նկատմամբ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան, որ Մայիսին նշեց իր հիմնադրութեան տասնամեակը:
Նշենք, որ Թուսք Երեւան կը գտնուի շրջանային այցելութեամբ։ Օր մը առաջ ան Պաքու այցելած էր, իսկ 11 Յուլիսին պիտի մեկնի Պաթումի, ուր տեղի պիտի ունենայ «Արեւելեան գործընկերութեան» տասնամեակին նուիրուած միջազգային համաժողովը: