Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրական միաւորի երկարատեւ նպատակներէն էր երիտասարդական յանձնախումբ մը ունենալ եւ զայն մասնակից դարձնել գրական-մշակութային գործունէութեան:
Երիտասարդական յանձնախումբը իր առաջին հանդիպումը գումարեց 22 Յունուար, 2019ին եւ նորակազմ խումբը անուանեց Համազգայինի «Հպարտ Հայորդիներու յանձնախումբ», իր առջեւ դնելով յստակ նպատակ՝ պահպանել, խորացնել եւ տարածել հայկական ինքնութիւնը:
Առ այդ, յանձնախումբը կը հետապնդէ մեծաթիւ հայ երիտասարդներ ընդգրկելու տեսլականը՝ գրական, գեղարուեստական, երաժշտական, մշակութային եւ կրթական նախաձեռնութիւններու միջոցով: Յանձնախումբը հաստատակամ կերպով ջանք կը թափէ, որ ապագայ հայ սերունդները իրենց հոգիներուն մէջ ըմբոշխնեն հայ մշակոյթը եւ մօտէն ծանօթանան անոր, ինչպէս նաեւ իրենց իւրայատուկ դրօշմը դնել եւ սեփական լուման բերել անոր բարգաւաճման եւ ծաղկման գործընթացին:
Յանձնախումբը մեծ խանդավառութեամբ լծուեցաւ մշակութային գործունէութեան. առաջին ձեռնարկը կազմակերպեց Համազգայինի Կլենտէյլի սրահին մէջ: Երեկոյին ընթացքին յանձնախումբը համալսարական դասընկերներուն, ծնողներուն եւ հիւրերուն ներկայացուց երկու նիւթեր՝ պատմական եւ երաժշտական: Ալեն Տիշիքրիկեան, սահիկներու ընկերակցութեամբ ներկայացուց ուսումնասիրութիւն մը, նուիրուած Թոնդրակեան եւ Բաւլիկեան միջնադարեան շարժումներուն, իսկ Վազգէն Վանեցի Բարսեղեան իր կենդանի նուագներով ներկայացուց Վանի եւ Համշէնի երաժշտական ժառանգութիւնը:
Համազգայինի հպարտ հայորդիներու յանձնախումբի անդամները իրենց երկրորդ ելոյթը ունեցան, մասնակցելով 19 Մարտին, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութեան անգլերէն թարգմանութեան նուիրուած գրական երեկոյին: Նաթալի Հալաջեան, Մարթին Ադամեան, Վարանդ Անմահունի, Ալեն Տիշիքրիկեան եւ Վազգէն Վանեցի Բարսեղեան իրենց ներդրումը բերին ասմունքով, երգով եւ նուագով:
Դատելով հիւրերու խուռներամ ներկայութենէն, տիրող խանդավառութենէն ու գնահատականներէն, կարելի է հաստատել, որ երիտասարդներու բոլոր ելոյթները արժանացած էին մեծ գնահատանքի:
Ձեռնարկներու յաջողութեամբ խրախուսուած, Համազգայինի հպարտ հայորդիներու յանձնախումբը ծրագրեց իր յաջորդ ձեռնարկը՝ նուիրուած Սայեաթ Նովայի արուեստին եւ փիլիսոփայութեան: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 30 Մայիսին:
Յանձնախումբի անդամներու իւրայատուկ տաղանդները դարձան երեկոյի յաջողութեան գրաւականը: Անոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ներկայացնել հայ ուշ միջնադարեան աշուղներու արքայ Սայեաթ Նովայի երաժշտութիւնը:
Այս ձեռնարկով յանձնախումբը նպատակ ունէր վառ պահել անոր անկրկնելի հանճարի տեղն ու դերը՝ սփիւռքահայ երիտասարդներու միտքերուն մէջ, որոնցմէ ոմանք, հաւանաբար անհաղորդ մնացած են անոր աննման երաժշտութեան: Բացի երաժշտութենէն, յանձնախումբը նաեւ նպատակ կը հետապնդէր բոլորին ծանօթացնել Սայեաթ Նովայի առասպելական կեանքի պատմութիւնը:
Բացման խօսքէն առաջ, յանձնախումբի անդամ Մարթին Ադամեան ասմունքեց մեծարեալ բանաստեղծ-երգահանի այս տողերը.
«Ամէն մարդ չի կանայ կարդայ, իմ գիրն ուրիշ գրէն է,
Ամէն մարդ չի կանայ խմի, իմ ջուրն ուրիշ ջրէն է,
Բունեաթս աւազ չիմանաս, քարափ է, քար ու կրէն է…»:
Բացման խօսքը կատարեց եւ ձեռնհասօրէն վարեց յանձնախումբի օրուան ատենապետ Վարանդ Անմահունին, որ մէջընդմէջ նաեւ որոշ պատշաճ մեկնաբանութիւններ ըրաւ կարգ մը բաժիններու համար:
Երեկոյի կարեւորագոյն մէկ բաժինը դարձաւ սայեաթնովայագէտ եւ անոր երաժշտութեան սերտօրէն կապուած մայսթրօ Վլադիմիր Գրիգորեանի մասնակցութիւնը: Քամանչայի վրայ իր կատարած նուագները շունչ ու ոգի տուին Սայեաթ Նովայի երաժշտութեան, յիշեցնելով անոր փառքն ու հմայքը, այնպէս ինչպէս արժանի է: Մայսթրոյի աշակերտ եւ յանձնախումբի աշուղ Վազգէն Բարսեղեան միացաւ իր ուսուցիչին քամանչայի եւ սազի վրայ նուագելով բազմաթիւ կտորներ, երգեցողութեան ընկերակցութեամբ:
Բացի երաժշտութենէ եւ երգեցողութենէ, յանձնախումբին անդամները ներկաներուն հրամցուցին սահիկներու երկու տարբեր ներկայացումներ՝ նուիրուած Սայեաթ Նովայի կեանքին, գործերուն եւ թողած ժառանգին: Առաջինը կատարուեցաւ Վազգէն Բարսեղեանի եւ Նաթալի Հալաջեանի կողմէ, միւսն ալ գրական միաւորի անդամ Էդիկ Ալավերդեանի:
Երկու ներկայացումներու կողքին, յանձնախումբի անդամներէն՝ Մարթին Ադամեան, Նայիրի Փարթամեան եւ Նաթալի Հալաջեան կարդացին Սայեաթ Նովայի ընտիր բանաստեղծութիւններ, որոնց յաջորդեց գեղեցկօրէն պատրաստուած պար մը՝ պատշաճեցուած «Պատկիրքդ Ղալամով Քաշած» երգին: Պարը կատարեցին Նաթալին եւ Նայիրին՝ Լեւոն Գաթրճեանի ձայնագրուած աննման երգեցողութեան կշռոյթներուն վրայ:
Յանձնախումբի անդամները գնահատելու համար խօսք առաւ գրական միաւորի անդամ Րաֆֆի Մելքոնեան, որ ներկայացուց կատարողները անհատաբար եւ արժեւորեց անոնց բացառիկ աշխատանքը: Ան նաեւ ողջունեց ներկայութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ դոկտ. Տիգրան Պապիկեանի, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի եւ անդամներ՝ Վանիա Պապիկեանի ու Արփի Համբարեանի:
Մելքոնեան նաեւ յայտարարեց ներկաներուն, թէ գրական միաւորն ու յանձնախումբը նոր անդամներ որոնելու գործընթացի մէջ են եւ խրախուսեց ներկաները անդամագրուելու եւ միանալու Համազգայինի «Հպարտ հայորդիներու յանձնախումբ»ին:
Երեկոն փակելու համար, յանձնախումբի անդամները միասնաբար ասմունքեցին Թումանեանի ամփոփ եւ գողտրիկ քերթուածը.
«Տաղով եկաւ,
Ախով գնաց Սայեաթ Նովան.
Երգով եկաւ,
Վէրքով գնաց Սայաթ Նովան,
Սիրով եկաւ,
Սրով գնաց Սայեաթ Նովան.
Սիրով մնաց Սայաթ Նովան»։
Երեկոյի աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան խորտիկներով եւ «Սայեաթ Նովա» հայկական քոնեակով: Երեկոյի ընթացքին, յանձնախումբի անդամները վիճակահանութեան տոմսեր վաճառած էին եւ բազմաթիւ հիւրեր ստացան Սայեաթ Նովայի կեանքին եւ արուեստին առնչուող թանկարժէք նուէրներ:
Ձեռնարկը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ հանդիսացաւ հաճոյքի եւ ուսուցման իսկական միջոցառում՝ յանձնախումբի անդամներուն եւ ներկաներուն համար։
Այս թղթակցութիւնը կ՛ուզենք օգտագործել որպէս առիթ քաջալերելու համար մեր համայնքի երիտասարդ տարրերը (կամ ոեւէ անձնաւորութիւն, որ կ՛ուզէ իր մասնակցութիւնը բերել այս առաքելութեան), միանալու Հա-մզգայինի հպարտ հայորդիներու յանձնախումբին, որովհետեւ ոչ միայն շատ բան կայ սորվելիք եւ փոխանցելիք, այլ մեծապէս հաճելի է:
Յանձնախումբին միանալու ցանկութիւն ունեցողները կրնան կապ պահել յանձնախումբին հետ Դիմատետրի (Facebook-ի) միջոցով՝ Hamazkayini Hpart Hyeortiner հասցէով, կամ ելեկտրոնային առաքումով (emailով)՝
hparthayeortiner@gmail.com հասցէով: Անհամբեր կը սպասենք նոր դէմքեր եւ նոր գաղափարներ:
(Թղթկացութիւնը՝
յանձնախումբէն)