Մարալ Այվազ, որ իր մանուկ հասակէն հայ եկեղեցւոյ դպրաց դասու գործունէութեան մասնակցելով՝ քայլ նետած է իր երաժշտութեան կեանքին մէջ, բազմաթիւ համերգներու եւ համայնքային զանազան ձեռնարկներու միջոցին մեներգներով բեմ բարձրացած է, այժմ կը ներկայանայ ունկնդիրին իր անդրանիկ ձայնասկաւառակի ծրագիրով:
Ալպոմը, որուն մէջ կան ժողովրդական եւ արդիական հայերէն երգերու իրարմէ անկախ բնօրինակ մշակումները, ունկնդիրին ուշադրութիւնը կը գրաւէ արդիական եւ հայ դասական գործիքներու ներդաշնակ միացումովը եւ գեղաձայն երգչուհիին ինքնայատուկ մեկնաբանութեամբ:
Ալպոմին երաժշտական ղեկավարը՝ յաջող երաժիշտ, ձայնագրող Արի Հերկելն է, որ նաեւ ալպոմին մէջի եօթը երգերուն մշակումը կատարած է: Իսկ «Վայրի Ծաղիկ» երգին յօրինողն է Ֆրանքֆուրթաբնակ կիթառահար, երգիչ, երաժիշտ Արէն Էմիրզէ: Երգը ձայնագրուած է Գերմանիոյ մէջ:
Ալպոմին ամենաուշագրաւ երգն է «Անվերջ Խաւար»ը: Երգչուհին, աշխարհահռչակ երաժիշտ, ուտահար Արա Տինքճեանի «Picture» յօրինումին հայերէն խօսքեր գրած ու երգը ձայնագրած է։
Մարալ Այվազին փափաքն է, որ իր այս գործը, որուն ամէն հանգրուանին նախանձախնդրութեամբ հոգ տարած է, տարածուի նռան հատիկներու պէս, հասնի բոլորին, բոլոր ազգերուն: