Կազմակերպութեամբ Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան, Չորեքշաբթի, 10 Յուլիսին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս արք. Զօպուեան եւ Հալէպի առողջապահական եւ հասարակական հարցերու յանձնախումբի պատասխանատու Շէյխ Մուհամմետ Ատիպ Մահմուտ Հասուն իրենց ընկերակցող պատուիրակութիւններուն հետ Հալէպ ժամանած Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի կեդրոնը այցելեցին:
Յայտնենք, որ վերոնշեալ յանձնախումբը բարեգործական եւ բարեսիրական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ:
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան ողջոյնի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ առաքելութեան կարեւորութեան եւ անոր պատմական նշանակութեան՝ շեշտելով, որ այս Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ մեր սիրոյ եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնն է, այն ջերմ վերաբերմունքին համար, զոր ցուցաբերած է սուրիացի բարեկամ ժողովուրդը Ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդի զաւակներուն նկատկամբ:
Շէյխ Մուհամմետ Ատիպ Մահմուտ Հասուն Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան մուֆթիի երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալական խօսքերը ուղղեց՝ շեշտելով, որ խումբին կողմէ մինչեւ օրս կատարուած մարդասիրական աշխատանքները թէ՛ առողջապահութեան եւ թէ ականազերծման ոլորտներուն մէջ արժանացած են Սուրիոյ ժողովուրդին բարձր գնահատանքին:
Վերարժեւորելով հայ-սուրիական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ շէյխ Մուհամմետ խնդրեց Հայաստանի իշխանութիւններէն, որ հայ մասնագէտները շարունակեն իրենց մարդասիրական գործունէութիւնը այնքան ատեն, որ Սուրիոյ ժողովուրդը նման օժանդակութեան կարիքը ունի:
Իր կարգին, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան խումբի ներկայացուցիչ Արկատի Տոնոյեան պատուիրակութեան անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատական խօսքերուն եւ վստահութեան համար՝ աւելցնելով, որ մեր հայրենակիցներուն նկատմամբ ցուցաբերուած մեծ մարդասիրութիւնը չէ մոռցուած աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին կողմէ, եւ խումբին գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եղբայրական աջակցութիւնն է Սուրիոյ:
Պատուիրակութեանց անդամները զրուցեցին հայ մասնագէտներուն հետ եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին անոնց:
Նշենք, որ պատուիրակութեանց մաս կը կազմէին Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, ինչպէս նաեւ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ: