ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՀՕՄի 97րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ 12էն 14 Յուլիս 2019ին, Հայ Քոյրերու վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, մասնակցութեամբ 69 ընտրեալ պատգամաւորներու, 11 հրաւիրեալներու եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանի, Ռիթա Հինդլեանի եւ Մարալ Մաթոսեանի ու մեծ թիւով ունկնդիրներու: Ժողովը հիւրընկալեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութիւնը:
ՀՕՄԻ 97ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Ժողովի պաշտօնական բացումը յատուկ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, նշեալ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, մասնակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, Հայ Դատի յանձնախումբի, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կեդրոնական վարչութեան, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներու, Հայ Քոյրերու վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Լուսիա Հայէքի, ՀՕՄի պատգամաւորներու եւ դիտողներու:
Շրջանային վարչութեան անունով ներկաները ողջունեց ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն՝ ընդգծեց գումարուող շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն ժողովին կարեւորութիւնը՝ ըսելով. «(ժողովը) Գեղեցիկ առիթ պիտի հանդիսանայ, վերատեսութեան ենթարկելու, արժեւորելու եւ ձեր գնահատանքը արձանագրելու Շրջանային վարչութեան գործունէութեան նկատմամբ: Ինչ ալ ըլլան այդ արձանագրութիւնները, դրական թէ ժխտական, կասկած չունինք, որ անոնք պիտի նպաստեն ՀՕՄի բարելաւման»:
Ապա, ընդգծելով ՀՕՄի առաքելութեան կարեւորութիւնը, ան շնորհակալութիւն յայտնեց
թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին, որ միշտ դրական կ՛արձագանգէ ՀՕՄի բոլոր կանչերուն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէին, շրջանի հայկական միութիւններուն, քոյր կազմակերպութիւններուն եւ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան, որոնք անցնող երկամեակին դրականօրէն համագործակցեցան ՀՕՄին հետ: Ընկերուհին նաեւ յատուկ երախտագիտութիւն յատնեց շրջանի ՀՕՄի 24 մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ անդամներուն, որոնք հաւատքով կը գործեն եւ կը նպաստեն ՀՕՄի վերելքին:
Սիլվա Փօլատեանի բարի գալուստի ելոյթէն ետք, ՀՄԸՄի Արի-Արենուշները կատարեցին կարեւոր այս հանդիսութեան դրօշակի արարողութիւնը. անոնք խմբապետուհի Ժոսլին Ապաճեանի հրահանգով, կարգապահ քայլերով սրահ բերին Ամերիկայի, Հայաստանի, Արցախի, Քալիֆորնիոյ եւ ՀՕՄի դրօշները, քարացած ունկնդրեցին գաղութի ծանօթ երգիչ Րաֆֆի Քէրպապեանի մեներգած Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգները, ապա դրօշակները տեղադրեցին բեմին վրայ որոշուած իրենց տեղերը:
Այնուհետեւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկաներուն հետ միասնաբար Տէրունական աղօթքը կատարեց եւ փառք տալով ամենակարողն Աստուծոյ՝ ողջունեց ներկաները ու մաղթեց, որ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանը եւ ուխտը իր հարազատ արտայայտութիւնը ունենայ պատգամաւորական ժողովի իւրաքանչիւր պահուն։
«Ինչպէս բոլորս կը վկայենք, Հայ Օգնութեան Միութիւնը մեր ժողովուրդին հետ, մեր ժողովուրդին համար եղաւ ամէնէն դժնդակ պայմաններուն եւ այն որ իր ուխտին տէրն է ամէն բանէ առաջ Աստուած զինք կ՛օրհնէ, զինք կը պաշտպանէ եւ յաջողութիւն կու տայ իր բոլոր ծրագիրներուն: Եւ որովհետեւ Հայ Օգնութեան Միութեան կերտիչները, հիմնադիրները մեր ժողովուրդի ցաւերուն դարման ըլլալու առաքելութիւնը ունեցան եւ յաջորդող տասնամեակներուն, աւելի քան մէկ դարու ծառայութեան մէջ ՀՕՄը եղաւ այն անբաժանելի մասնիկը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, որուն նուիրումը, որուն ծառայութիւնը, որուն արդիւնաբեր գործունէութիւնը միշտ եղած է գնահատելի եւ անփոխարինելի», ըսաւ առաջնորդ հայրը եւ մաղթեց, որ ՀՕՄը իր լիիրաւ եւ ճշմարիտ ճանապարհի ընթացքին մէջ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին պատգամը փոխանցեց Կարօ Իսբէնճեան, որ իր հերթին ողջունելէ ետք ժողովականները՝ կարեւոր համարեց ՀՕՄի մատուցած համաշխարհային մարդասիրական ծառայութիւնը, որուն համար ալ կարեւոր գտաւ գումարուող պատգամաւորական ժողովը, որ առիթ պիտի հանդիսանայ գնահատելու եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ քննադատելու կատարուած աշխատանքները:
Ան կոչ ըրաւ, որ այս ժողովը նաեւ կեդրոնանայ իր գալիք աշխատանքներուն վրայ եւ այդ իմաստով մատնանշեց կարգ մը կարեւոր աշխատանքներու իրագործումը, որոնցմէ առաջնահերթ նկատեց հետեւեալները.
Ջաւախքի գործունէութիւնը զօրացնելու աշխատանքներու շարունակութիւնը.
Նոր միջոցներով եւ ձեւերով բարելաւելու ՀՕՄի շաբաթօրեայ դպրոցները, մանաւանդ հեռու գաղութներուն մէջ.
Նախաձեռնել արտադպրոցական կրթական աշխատանքներ՝ դաս-տիարակելով վտանգուած մեր երեխաները եւ ծառայելով անոնց:
Ապա, Իսբէնճեան շնորհակալութիւն յատնեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան, որուն հետ գործած էր երկու տարիներ եւ մաղթեց, որ գումարուող պատկառելի այս ժողովը ըլլայ արդիւնաբեր ու յաջող:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարալ Մաթոսեան, որ ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանը ՀՕՄի ամենակարեւոր սիւներէն մէկը նկատելով՝ մաղթեց, որ եռօրեայ ժողովը ըլլայ գործնական եւ արդիւնաբեր: «Հարկ չկայ ըսելու, թէ հայաշխարհի պատմութեան մէջ ՀՕՄը եւս իր լուման բերաւ, լուռ, անխօս, ճառախօսութիւններէ հեռու, ինչպէս տիպար հայ մայր ու կին, իբրեւ հայ ընտանիքի ամրակուռ սիւն: Կը մաղթեմ, որ այս ոգիով ընթանայ այս ժողովը ու խրոխտ բայց գործնական, համարձակ սակայն մտածուած որոշումներով լուրջ աշխատանքի շուրջ համախմբէ ո՛չ միայն այս շրջանի ամէ՛ն մէկ ՀՕՄական, այլ ամէն մէկ յանձնառու հայ անհատ եւ մանաւանդ՝ մեր ապագայի գրաւակա՛նը հանդիսացող հայ երիտասա՛րդն ու երիտասարդուհի՛ն», ընդգծեց Մաթոսեան եւ յոյս յայտնեց, որ Շրջանային պատգամաւորական այս ժողովէն ետք, ՀՕՄի անդամները հոգեպէս աւելի կը կազդուրուին եւ կը լծուին նոր աշխատանքի, իրագործելու համար ժողովէն բխած բոլոր որոշումները:
«Յաղթակա՛ն ենք, երբ միացեա՛լ ոգիով, միացեալ կարգապա՛հ ուժերով կը լծուինք աշխատանքի՝ ծառայելով մի՛շտ ժողովուրդի զաւակներուն հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին», եզրակացուց Մարալ Մաթոսեան:
ՀՕՄԻ 97ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ
Իմաստալից այս պատգամներէն ետք, կարճ դադար մը առնուեցաւ, որմէ ետք ՀՕՄի 97րդ Շրջանային պատգամաւորական ժողովը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ յաջողութիւն մաղթելէ ետք ժողովականներուն, առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան, մասնաճիւղերուն, Շրջանային գրասենեակի պաշտօնէութեան եւ Շրջանային վարչութեան իր գործընկերներուն, որոնք անցնող երկու տարիներուն թեւ ու թիկունք կանգնելով ՀՕՄին՝ մեծապէս նպաստեցին անդամներուն, որոնք սերտօրէն գործակցեցան եւ ամէն ջանք թափեցին ՀՕՄի ծրագիրներու յաջողութեան համար:
«Սիրելի ժողովականներ, անցնող երկամեակին, վարչութեանս գլխաւոր աշխատանքը եղաւ համերաշխութիւն սերմանել Շրջանային վարչութեան եւ մասնաճիւղերուն միջեւ: Փորձեցինք անձնական ԵՍը մոռցնել տալ եւ հաւաքականը քաջալերել, ինչպէս Գարեգին Նժդեհ պիտի ըսէր. «Պէտք է մեռնի եսը, որպէսզի ապրի մենքը»», ըսաւ Փօլատեան եւ յաջողութիւն մաղթելով ժողովին՝ հրաւիրեց ժողովականները ընտրելու ժողովի առժամեայ դիւանը:
Ժողովը առժամեայ դիւանի ատենապետներ ընտրեց ընկերուհիներ Անի Քէշիշեանը (հայերէնի) եւ Անժելա Սաւոյեանը (անգլերէնի), իսկ քարտուղարներ՝ Նունէ Ժամագործեանը (հայերէն) եւ Հիլտա Ֆիտանեանը (անգլերէն):
Ժողովին մասնակցող Շրջանային վարչութեան հիւր ընկերուհիներն էին՝ Նուարդ Մուրատեան, Հայկոյշ Քոհլըր եւ Վիքի Մարաշլեան:
Ժողովը ընտրեց Իրաւասութիւններ Ճշդող յանձնախումբը, որպէսզի ժողովի օրինականութիւնը ճշդէ: Մինչ յանձնախումբը իր պարտականութիւնը կը կատարէր ստուգելով պատգամաւորներու լիազօրագրերը, միւս կողմէ մասնաճիւղերու վարչութեանց ներկայացուցիչները զեկուցեցին իրենց մասնաճիւղերուն գործունէութեանց մասին: Ժողովին օրինականութիւնը հաստատուելէ ետք, ժողովի մնայուն դիւանի ծանր պարտականութիւնը վստահուեցաւ առժամեայ դիւանին, ընտրելով յաւելեալ երկու քարտուղարներ՝ Հերմինէ Բարսեղեան (հայերէն) եւ Սիւզան Ուզունեան (անգլերէն):
Դիւանին կողմէ ժողովի օրէնսգէտ նշանակուեցաւ վաստակաշատ ՀՕՄուհի Խաթուն Բագրատունին, հսկիչի պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ Ազատուհի Փիլիպոսեանին եւ Ժանին Պուտաքեանի, իսկ ժողովի թղթակցութիւնը վստահուեցաւ Մարօ Քէշիշեանին:
Պատգամաւորական ժողովի օրա-կարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց Ընտրողական յանձնախումբ մը, որ իր հերթին առաջարկեց Բանաձեւի եւ Արխիւային յանձնախումբերը:
Ժողովը հետեւեալ ընկերուհիները հրաւիրեց խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովին. Մաքօ Մկրտիչեան, Սոնիա Փէլթէքեան, Մայտա Գլճեան, Սոնա Պոսթանեան, Լուսին Մելիքեան, Մարօ Փափազեան եւ Անի Չալեան:
Կեդրոնական վարչութեան երկամեայ ամփոփ տեղեկագիրը ներկայացուց Մարալ Մաթոսեան: Նոյն երեկոյեան ներկայացուեցաւ նաեւ Շրջանային վարչութեան երկամեայ նիւթական տեղեկագիրը, իսկ բարոյական, Ընկերային ծառայութեան եւ Հոգեբանական կեդրոնի տեղեկագիրները ղրկուած էին նախապէս:
Նոյն օրակարգով տոքթ. Իդա Գարայեան ՀՕՄի Հոգեբանական կեդրոնի գործունէութեան մասին ներկայացուց հետաքրքրական տեսերիզով մը եւ պատասխանեց ժողովականներու հարցումներուն: ժողովականներուն առիթ տրուեցաւ նաեւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելու, Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան մասին, որոնց սպառիչ պատասխան ստացան ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Շաբաթ, 13 Յուլիսի առաւօտեան ժողովականները առիթը ունեցան կատարելու իրենց քննարկումները: Ապա, Արխիւային եւ Հաշուեքննիչ յանձնախումբերու զեկոյցները լսելէ ետք, ժողովը «Յոյժ գնահատելի» գտաւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը:
Այնուհետեւ ժողովը անցաւ առաջարկներու իր օրակարգին, որուն ընթացքին քննարկեց Շրջանային վարչութենէն եւ մասնաճիւղերէն եկած առաջարկ-թելադրանքները, ապա առիթ տուաւ նաեւ անհատական առաջարկներու:
Ժողովականները քննեցին եւ շինիչ առաջարկներ որդեգրեցին, կրթական-դաստիարակչական, քարոզչական, հանգանակային եւ միութեան անդամարշաւը ընդլայնելու կարեւոր նիւթերու մասին: Յատուկ շեշտ դրուեցաւ շարունակելու եւ առաւել ընդարձակելու համագործակցութիւնը շրջանի ուղեկից, հայկական, տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ, որպէսզի անոնք մանրամասն իմանան ՀՕՄի մարդասիրական ծառայութիւններուն մասին:
Ազգային գետնի վրայ ժողովը անհրաժեշտ գտաւ շարունակելու Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին աջակցելու ազգանուէր աշխատանքները, որ երկար տարիներէ ի վեր մեծ մաշտապով կը կատարուէր ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին կողմէ: Ժողովին նաեւ ներկայացուեցան, քննարկուեցան եւ վաւերացուեցան ՀՕՄի կանոնագիրի փոփոխութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի 72րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովին համար ներկայացուած օգտակար առաջարկները: Նոյն օրը նաեւ վաւերացուեցաւ Շրջանային վարչութեան երկամեայ նախահաշիւը:
Կիրակի, 14 Յուլիսը ժողովի վերջին օրն էր, որուն ընթացքին վերընտրուեցան ընթացաւարտ Շր-ջանային վարչութեան ութ ընկերուհիները եւ իբրեւ նոր անդամ ընտրուեցաւ մէկ ընկերուհի՝ իր շրջանը աւարտած Անի Պոսթանեանի փոխարէն: Նոր Շրջանային վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ ընկերուհիները՝ Սիլվա Փօլատեան, Մարալ Թուլումեան, Անիթա Ալթունեան, Նորա Շիրիքեան, Արմէնուհի (Միմի) Թովմասեան, Արշօ Աւագեան, Նենսի Պետիրեան, Վարդուհի Պետրոսեան եւ Արաքսի Այգանեան:
Նոյն օրը հետեւեալ չորս ընկերուհիները ընտրուեցան պատգամաւոր՝ շրջանի ՀՕՄը ներկայացնելու Հոկտեմբեր 2019ին, Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ գումարուելիք ՀՕՄի 72րդ Համահայկական պատգամաւորական ժողովին՝ Մարալ Թուլումեան, Անի Քէշիշեան, Լարա Գազանճեան եւ Սօսի Փօլատեան:
Ժողովին կողմէ Հաշուեքննիչ յանձնախումբի ընտրութենէն եւ չնախատեսուած հարցերու օրակարգով ժողովականներու արտայայտութիւնները լսելէ ետք, վաւերացուեցան ժողովի ատենագրութիւնները: Այնուհետեւ շնորհաւորական եւ բարեմաղթանքներով ելոյթ ունեցան Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան, Կեդրոնական վարչութեան անդամ Մարալ Մաթոսեան, հրաւիրեալ եւ պատգամաւոր ընկերուհիներ: Իրենց շնորհակալութիւնները եւ սրտի խօսքերը փոխանցեցին նաեւ դիւանի ատենապետ ընկերուհիներ Անի Քէշիշեան եւ Անժելա Սաւոյեան:
Ժողովը վերջ գտաւ երեկոյեան ժամը 7ին: ՀՕՄի առաքելութեամբ վերանորոգուած, գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց սիրելի կազմակերպութեան միշտ զօրակցելու պատրաստակամութեամբ:
ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԻ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Շրջանի ՀՕՄի բարձրագոյն այս պատկառելի ժողովի աւարտէն ետք, նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը գումարեց իր առաջին լիագումար ժողովը, մասնակցութեամբ Պատգամաւորական ժողովի դիւանին եւ Կեդրոնական վարչութեան շրջանի ՀՕՄի կապ Մարալ Մաթոսեանի:
Ժողովին ընթացքին նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ պաշտօններու բաժանումով.
Սիլվա Փօլատեան՝ ատենապետ
Արշօ Աւագեան՝ փոխատենապետ
Մարալ Թուլումեան՝ ատենադպիր
Անիթա Ալթունեան՝ գանձապահ
Նորա Շիրիքեան՝ խորհրդական
Արմէնուհի Թովմասեան՝ խոր-հրդական
Նենսի Պետիրեան՝ խորհրդական,
Վարդուհի Պետրոսեան՝ խորհրդական
Արաքսի Այգանեան՝ խորհրդական: