ԵՐԵՒԱՆ.- Հինգշաբթի, 18 Յուլիսի երեկոյեան տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ակումբներու 2019-2020 տարեշրջանի «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձի մրցումներուն, Երեւանի «Փիւնիկ»ը Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մէջ ճակատեցաւ տեղւոյն «Շքուփի» խումբին դէմ։
Յիշեցնենք, որ երթի մրցումին, «Փիւնիկ» 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր, սակայն Հինգշաբթի օրուան մրցումին, «Փիւնիկ»ը աւելի տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով՝ կրցաւ մրցակիցին դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ 2-0) յաղթանակ մը արձանագրել, ապահովելով Բ. հանգրուանի տոմսը։
Արտակ Եդիգարեան (7րդ վայրկեան) եւ Արթուր Միրանեան (31րդ) նշանակեցին հայկական կազմին կօլերը:
Ուրեմն, «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին պիտի մասնակցին Հայաստանէն երեք խումբեր՝ «Արարարտ-Արմենիա»ն (որ Ախոյեաններու մրցաշարքէն դուրս մնալով՝ պայքարը պիտի շարունակէ «Եուրոփա» մրցաշարքին մէջ), «Ալաշկերտ»ը եւ «Փիւնիկ»ը։