ՄՈՍԿՈՒԱ.- 19 Յուլիսին, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան Մոսկուայի Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպեցաւ ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի անդամներուն հետ:
Հանդիպման ներկայ էր զօրավար Նորատ Տէր Գրիգորեանց: Հանդէս գալով առանձին ելոյթով՝ զօրավարը նշեց, որ կը գնահատէ իրենց կառոյցի անդամներուն եւ Գլխաւոր յանձնակատարին հանդիպումը:
Սինանեան ողջունեց խորհուրդի անդամները եւ բարձր գնահատեց հայոց բանակաշինութեան մէջ զօրավար Տէր Գրիգորեանցի կարեւոր ներդրումը: Խորհուրդի անդամները նշեցին, որ ռուս-հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը հիմնուած է 2013ին, 15 կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ: Անդամները մանրամասնօրէն ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ ներկայացուցին առաջարկներ:
Հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարները պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջանք եւ գիտելիք չխնայել՝ նեցուկ կանգնելու Հայաստանին:
Նոյն օրը, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը հանդիպեցաւ նաեւ «Լսարան» նախագիծի հիմնադիրին եւ նախաձեռնող խումբի անդամներուն հետ: