ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, 18 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի հերթական հանդիպումը Հայաստան հաստատուած խումբ մը երիտասարդ մասնագէտներու հետ: Հանդիպման նպատակն էր՝ ի մի բերել աշխատանքային կեանքի մէջ յաջողութեան հասած հայրենադարձներ, որոնք կը շարունակեն Հայաստանի մէջ զարգացնել իրենց մասնագիտական ունակութիւնները: Երկրորդ նպատակն էր՝ ծանօթանալ այն հարցերուն, որոնք կը վերաբերին հայրենադարձ երիտասարդ մասնագէտներուն՝ Հայաստանի մէջ թէ՛ աշխատանքային եւ թէ կենցաղային գետնի վրայ:
Հանդիպման ընթացքին նախ ներկայացուեցան Հայրենադարձներու խորհրդատուութեան գրասենեակի գործառոյթները, ապա խօսքը տրուեցաւ ներկաներուն: Անոնց առաջարկներու շարքին էին դպրոցներու կամ մշակութային Հասարակական կազմակերպութիւններու ճամբով արեւմտահայերէնի խմբակներու ստեղծումը, անշարժ գոյքի ձեռք բերման համար դրամատնային տոկոսներու բարելաւումը, պետական փաստաթուղթերու մասին տեղեկութիւնները բազմալեզու դարձնելը, հայրենիք հաստատուելէ ետք դուրս մեկնած հայրենակիցներէ հարցախոյզի ճամբով հասկնալու Հայաստանէն մեկնելու պատճառները եւ նման այլ հարցեր:
Տարբեր բնագաւառներու մէջ աշխատող եւ տասնեակ երկիրներէ եկած հայրենադարձները պատրաստակամութիւն յայտնեցին համագործակցելու գրասենեակին հետ: