Լոնտոնի Իլինկ թաղամասին մէջ, 14 Յուլիսին, 8րդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցաւ ամէնամեայ Հայկական ամառնային փառատօնը (Armenian Summer Festival), որ կը կազմակերպուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտիայի Միացեալ Թագաւորութեան թեմի հովանաւորութեամբ:
Փառատօնը սկիզբ առաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ ի յիշատակ վերջերս մահացած Միացեալ Թագաւորութեան մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան Արման Կիրակոսեանի:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպս. Մանուկեան, Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչ Արամ Արարատեան, Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատի անդամներ Սթիւըն Փաունտ եւ Ռուպա Հաք եւ Իլինկի քաղաքապետ Ապտուլա Կուլէյտ:
Փառատօնի հարիւրաւոր մասնակցողները եւ հիւրերը կարելիութիւնը ունեցան վայելելու հայկական արուեստը՝ երաժշտութիւնը եւ պարերը եւ համտեսելու հայկական ճաշատեսակներ:
Առանձին տաղաւարներով ներկայացուեցան շարք մը բրիտանահայ համայնքային կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ հայկական ապրանքանիշներ՝ այցելուներուն ներկայացնելով իրենց գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը, աւանդոյթները եւ պատմութիւնը: