ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երկուշաբթի, 15 Յուլիսին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընկերակցութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը, հանդիպելու Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հետ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուէր։ Հանդիպումին ներկայ էին դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ Ազգային ժողովի անդամ եւ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունց։
Առաջնորդ սրբազաններուն կ՛ընկերակցէին նաեւ տեղւոյն Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Աքթաւուքեան եւ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Տրդատ Մանկիկեան։
Թեմակալ առաջնորդները ողջունեցին Միրզոյեանի ներկայութիւնը եւ իրենց զօրակցութիւնը վերահաստատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վերելքին։ Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր կարգին, յատուկ կերպով ողջունեց Ներսէսեանը, նշելով, որ այս հանդիպումը առաջին պաշտօնական հանդիպումն էր դեսպանին հետ Ուաշինկթընի մէջ։
Ինչպէս ծանօթ է, 6 Յուլիսին իր մահկանացուն կնքեց Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպաններէն Արման Կիրակոսեան։ Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանները եւ Մանկիկեան ցաւակցական խօսքեր արձանագրեցին հանգուցեալին նուիրուած յուշագրքոյկին մէջ։