10 Յուլիս թուակիր հաղորդագրութեամբ մը, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ամառնային դասընթացքի համար Նիւ Եորք ժամանած են Անուշ Գույումճեան եւ Ալեք Մեսրոպեան, որոնց յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի միանան Ազնիւ Խալիկեան եւ Արեւ Էպրիմեան:
Այս չորս երիտասարդները պիտի գործեն ՄԱԿի կեդրոնատեղիին մէջ՝ մասնակցելով զանազան ենթայանձնախումբերու նիստերուն:
Անուշ Գույումճեան «Ֆորտհամ» համալսարանին մէջ կը հետեւի գիտական-առողջապահական ճիւղին, իսկ Ալեք Մեսրոպեան Քալիֆորնիոյ «Պըրքլի» համալսարանի համաշխարհային ուսումնասիրութիւններու մէջ մասնագիտացած է, յատկապէս կեդրոնանալով Ասիոյ ցամաքամասին վրայ: Ան նաեւ կը սորվի ճափոներէն: Ազնիւ Խալիկեան «Քարթաժ» համալսարանին մէջ կը հետեւի բժշկութեան եւ երաժշտութեան: Արեւ Էպրիմեան «Սէյնթ Ճան» համալսարանին մէջ կը հետեւի առեւտրական բնագաւառի ուսման:
Մեսրոպեան եւ Գույումճեան արդէն իսկ սկսած են գործելու ՄԱԿի զանազան ենթաբաժանումներու յանձնախումբերու մէջ, որոնք կ՛արծարծեն զանազան հարցեր:
«ՀՕՄը մեծ ուրախութեամբ կը դիմաւորէ այս երիտասարդ ուժերը, որոնք այս տարի պիտի աշխատին մեզի հետ», ըսաւ ՄԱԿի մօտ ՀՕՄի ներկայացուցիչ Քրիստինա Մեհրանպոտ:
«Հպարտ եմ, յատկապէս ՀՕՄին համար գործելու եւ իբրեւ հայ օտարներուն ներկայացնելու զանազան հարցեր: Իբրեւ երիտասարդ ամէն ճիգ պիտի թափեմ առաւելագոյնս փոխանցելու եւ կատարելու», յայտնեց Գույումճեան:
«ՄԱԿի գրասենեակներուն մէջ աշխատելով, երազ մը կ՛իրականացնեմ: Այս գծով երախտապարտ եմ ՀՕՄին, որ ընծայեց այս առիթը: Իբրեւ երիտասարդ՝ գործ ունինք կատարելիք», իր կարգին տեղեկացուց Մեսրոպեան