ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բարձրագոյն դատական խորհուրդը (ԲԴԽ), Ուրբաթ, 19 Յուլիսին, գաղտնի քուէարկութեամբ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ ընտրեց Ռուբէն Վարդազարեանը:
ԲԴԽ նախագահի պաշտօնը Գագիկ Յարութիւնեանի հրաժարականէն ետք թափուր մնացած էր:
Նորընտիր նախագահը երաշխաւորեց, որ բոլորովին պիտի ապահովէ դատաւորներու անկախութիւնը:
«Իմ համոզմամբ՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդը պէտք է լինի աւելի թափանցիկ, գործողութիւնները՝ տրամաբանական եւ հասկանալի: Դրանով իսկ կ՛ապահովի դատաւորների անկախութիւնը», յայտարարեց Վարդազարեան՝ աւելցնելով, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդին մէջ նախորդ իշխանութեան հետ կապեր չի տեսներ:
Դատական համակարգի բարեփոխումը անպայման «վեթթինգ» անուանումը կրնայ չկրել, ըսաւ Վարդազարեան, բայց պիտի ըլլայ գործընթաց մը, որ դատաւորներու գործունէութիւնը պիտի դարձնէ աւելի պարզ եւ մատչելի: