Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցին ծրագրած է իր հոգեւոր առաքելութեան մէջ ներառել համայնքին մաս կազմող յատուկ կարիքաւոր երեխաներու ծնողներու հոգեւոր պահանջները, համագործակցաբար AAOP-ի, ծնողներու եւ համայնքի կրթական ու բարեսիրական օգնութեան կազմակերպութեան հետ՝ հիմնադրուած 2006ին:
Ծրագիրին տարբերակները քննարկուեցան Հոգաբարձութեան 3 Յունիս 2019ին գումարուած ժողովին: Սոյն հանդիպման մասնակցեցան նաեւ AAOP-ի հոգաբարձութեան 2 անդամուհիներ՝ Նորա Չիթիլեան Գալճեան եւ դոկտ. Սոնիա Քոնեալեան Ալլեր, ինչպէս նաեւ Արամ Պէքարեան: Թինա Սօֆեան հոգաբարձութեան կողմէ պիտի համադրէ եւ կապ հաստատէ ծրագիրի կոմիտէի վերոյիշեալ երեք անդամներուն հետ:
Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի բացման աղօթքէն ետք, հոգաբարձութեան ատենապետ Հրայր Կարապետեան բացատրեց, որ տարբեր եկեղեցիներու պատասխանատուներու հետ խորհրդակցելէ եւ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութիւնը ստանալէ ետք եկած է այն որոշումին, որ այս ծրագիրը պէտք է սկսինք այս ամառ: Հրայր Կարապետեան ընդգծեց աղօթքի ու ժամերգութիւններու ունեցած մեծ դերը, մարդոց հոգեւոր պահանջները բաւարարելուն մէջ, մասնաւորաբար մասնակցելով եկեղեցական արարողութիւններուն: Տէր Ղեւոնդը իր կողմէ նշեց, որ մեր եկեղեցւոյ հիմնական առաքելութիւնն է՝ բաւարարել մեր համայնքի հաւատացեալներուն հոգեւոր պահանջները, եւ եկեղեցին պատրաստ է ապահովելու զանոնք:
Լսելէ ետք ժողովականներուն կողմէ ներկայացուած զանազան կարծիքներ՝ կատարուելիք ժամերգութիւններու վայրին եւ ժամանակին մասին, նպատակայարմար նկատուեցաւ ծրագիրը իրագործել երկու հանգրուանով:
Իբրեւ առաջին հանգրուան՝ ժամերգութիւններ տեղի պիտի ունենան հինգ տաղաւարներուն, սկսելով Կիրակի, 28 Յուլիս 2019ին: Քրիստոսի Ս. Ծննդեան, Քրիստոսի այլակերպութեան, Վարդավառին, Ս. Աստուածածինի վերափոխման եւ Խաչվերացին: Այս որոշման մէջ նկատի առնուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր տաղաւարին ընկերակցող իւրայատուկ սովորութիւններ կամ աւանդոյթներ. խաղողօրհնէք՝ Ս. Աստուածածինին, ջրախաղ՝ Վարդավառին, հաւկթախաղ՝ Մեծ Զատկին… եւ այլն, որոնք, անտարակոյս, յաւելեալ հետաքրքրութիւն պիտի ստեղծեն երեխաներուն մօտ: Ժամերգութիւնները տեղի պիտի ունենան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 9էն 10։
Ծնողներ եւ երեխաներ պիտի յաճախեն միասնաբար: Փորձառու եւ մարզուած կամաւորներ պատրաստ պիտի ըլլան հսկելու եւ օգնելու փոքրիկներուն, եթէ կարիքը զգացուի: Այս տարուան վերջին 2 ժամերգութիւնները տեղի պիտի ունենան Ս. Աստուածածնին՝ (Կիրակի, 18 Օգոստոսին) եւ Խաչվերացին (Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին):
Բացի եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ թերթիկէն, յայտարարութիւններ պիտի կատարուին նաեւ AAOP-ի կողմէ մամուլով, Ծնողական կազմակերպութեանց միջոցով եւ email-ով:
Ծրագիրի երկրորդ հանգրուանը նպատակայարմար տեսնուեցաւ սկսիլ կարճ հարցախոյզով մը, որոշելու համար հետագայ ծրագիրները: Կարծիքներու փոխանակում կատարեցաւ Շաբաթ օրերու ժամերգութեան մասին՝ իբրեւ տարբերակ, ամէն պարագայի, նկատի ունենալով երեխաներու եւ ծնողներու խիստ զբաղուածութիւնը ու բժշկական յաճախակի միջոցառումները: AAOP-ը յանձն առաւ կազմակերպումը այդ հարցախոյզին, որուն արդիւնքները հիմք պիտի ծառայեն հետագայ գործունէութեան ծրագրաւորման:
Աստուածահաճոյ առաջին այս հանգրուանը հնարաւորութիւն պիտի տայ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ անդամներուն՝ անխտիր օգտուելու այս հնարաւորութենէն եւ մասնակցելու ժամերգութիւններուն: Այս ծրագիրին կազմակերպիչները լի են ոգեւորուածութեամբ եւ լաւատեսութեամբ:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)