Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ տոքթ. եւ տիկին Ալպըրթ եւ Սու Ֆիլիփսներու, տոքթ. եւ տիկին Քրիս եւ Պարպարա Թաշճեաններու ու դոկտ. Էլիսըն Ֆիլիփսի գլխաւորութեամբ, յաջորդական 11 տարին ըլլալով կարելի եղած է իրականացնել ընկերակցութեան բժշկական օժանդակութեանց առաքելութիւնը՝ դէպի Հայաստան:
Այս տարի առաքելութեան մաս կը կազմէին 43 հոգի, ինչպէս նաեւ 9 հայ թարգմանիչներ, որոնք Վանաձորի, Ստեփանաւանի, Սիսիանի եւ Կապանի մէջ երկու տարբեր շարժուն դարմանատուներու միջոցաւ կրցան տարբեր տարիքի մօտաւորապէս 1500 հիւանդներու օժանդակութեան ձեռք երկարել, ըլլայ այդ բժշկական եւ ատամնաբուժական միջամտութիւններու, ցուցմունքներու, ակնոցներու եւ դեղերու միջոցաւ: Շարժուն դարմանատուները իրենց սպասարկութիւնները մատուցեցին շրջաններուն եկեղեցիներուն հետ համագործակցութեամբ։
13էն 23 Յունիս իրականացած առաքելութեան մաս կազմեցին եօթը բժիշկներ, երկու ատամնաբոյժներ, երկու դեղագործներ, հինգ հիւանդապահներ, հոգեբուժ մը եւ 26 կամաւորներ։
Յատկանշական է, որ առաքելութեան մասնակցողները արդէն իսկ սկսած են նկատելու առողջապահութեան որակին բարելաւում, այն շրջաններուն մէջ, ուր վերջին տասնամեակին այցելած են տարեկան յաճախականութեամբ, շնորհիւ տրամադրուող դարմանումներուն եւ ցուցմունքներուն։
Այս տարի նաեւ կարելի եղաւ 98 ընտանիքներու 6 ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան զաւակներուն մտային աճի արժէւորումներ կատարել, առաջնորդութեամբ դոկտ. Էլիսըն Ֆիլիփսի, յանձնարարականներ կատարելով անոնց։
Նաեւ, այս տարի, առաջին անգամն ըլլալով, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը տեղացի բժիշկ մը պաշտօնի կանչած է, որպէսզի նշեալ վայրերը պարբերաբար այցելելով՝ բժշկական աւելի յաճախակի սպասարկութիւններ տրամադրէ, դարմանումներուն շարունակականութիւնը ապահովելու նպատակով։
Արդէն իսկ կը ծրագրուի 2էն 12 Յուլիս 2020, նախատեսուած բժշկական յաջորդ առաքելութիւնը, որուն մասնակցելու կամ օժանդակելու կարելիութեան համար՝ այցելել www.amaa.org կայքին «Projects» բաժինին «Armenia Medical Mission» ենթաբաժինը:
(Քաղուած տոքթ. եւ տիկին
Ալպըրթ եւ Սու Ֆիլիփսներու թղթակցութենէն)