ԵՐԵՒԱՆ.- 1 Յուլիսէն 25 Օգոստոս, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրով աշխարհի զանազան ծայրերէն՝ Ֆրանսայէն, Պրազիլէն, Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Իրանէն, Ռուսիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան եկած հարիւրաւոր պատանիներ Գրողներու Ծաղկաձորի ստեղծագործական տան մէջ կարելիութիւն ունեցան կատարելագործելու մայրենիի իմացութիւնը՝ հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու միջոցով:
Ծրագիրին շնորհիւ, անոնք առիթը պիտի ունենան ճանչնալու նաեւ Հայաստանը՝ այցելելով պատմամշակութային յուշարձաններ, հանդիպելով մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներու հետ:
Ծրագիրին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 29 Յուլիսին, Ծաղկաձորի մէջ:
«Մասնակիցներին սպասում է հիւրընկալ հայրենիքը: Իրականացուելու են բազմաթիւ ծրագրեր, կազմակերպուելու են ծանօթութիւններ Հայաստանում եւ սփիւռքում ապրող հայրենակիցների հետ: Նախատեսւում են ճանաչողական այցեր պետական եւ մասնաւոր կրթական հաստատութիւններ», նշեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:
Ան ընդգծեց, որ իրենց գլխաւոր նպատակը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն է:
Ըստ ծրագիրի գործընկեր «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեանի՝ իրենք հետաքրքրական կրթական ծրագիրներ մշակած են, նկատի ունենալով մասնակցողներուն տարիքը եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը:
«Դասերը ստեղծագործական մթնոլորտում են անցնում եւ արւում է ամէնը, որ երեխաները չձանձրանան ու սիրով սովորեն», նշեց Յովհաննիսեան:
Ծրագիրը պիտի իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլին պիտի մասնակցին 209, իսկ երկրորդ փուլին՝ 190 պատանիներ: Նախաձեռնութեան բոլոր ծախսերը պիտի հոգայ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ այս ծրագիրին իրականացման համար պիւտճէէն յատկացուցած է 86 միլիոն դրամ:
«Ուրախ եմ տեսնել ձեզ այստեղ եւ յուսով եմ, որ սա կը լինի ձեր առաջին եւ ոչ վերջին քայլը դէպի հայրենիք: Դուք կը կապուէք ձեր հայրենիքի հետ եւ վստահ եմ՝ կը պահէք այդ կապը: Եւ մի օր էլ կը գաք ու մշտական բնակութիւն կը հաստատէք Հայաստանում: Յիշէք՝ Հայաստանը ձեր բոլորի տունն է, ուր էլ որ ապրէք: Այս երկիրն ունի ձեր կարիքը, եւ մենք միշտ սպասելու ենք ձեզ հայրենիքում», բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց Զարեհ Սինանեան:
Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի մասնակցողները ոչ թէ կը հիւրընկալուին հայաստանցի ընտանիքներու կողմէ, այլ կը մնան ճամբարներու մէջ: