ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արցախի գրասենեակի տնօրէն Հերմինէ Աւագեան կը յայտնէ, որ Համազգայինի Ուսանողական Ֆորումին մասնակցող սփիւռքահայ երիտասրդները Արցախ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին այցելեցին Ստեփանակերտի «Ղարաբաղ Կարպետ» գորգագործական ընկերութիւնը, «Հունոտի Կիրճ» պետական բնապատմական արգելոցը, Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին, Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, Ստեփանակերտի «ԱՀ անյայտ կորած ազատամարտիկների հարազատների միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան կեդրոնը, զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակի թանգարանը, զօրամասեր, հանդիպեցան Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի հետ, ինչպէս նաեւ հիւրընկալուեցան Շուշիի մէջ ապրող խումբ մը արուեստագէտներու եւ զինուորականներու ընտանիքներու կողմէ՝ ստեղծելով նոր ընկերական յարաբերութիւններ: Աւագեան նշեց, որ երիտասարդները մեծ ոգեւորութեամբ եւ տպաւորութիւններով հեռացան Արցախէն:
«Ֆորումի նպատակն աշխարհի տարբեր երկրներում սովորող ազգութեամբ հայ ուսանողներին համախմբելը, ազգային արմատներին ու մշակութային ժառանգութեանը հաղորդակից դարձնելն է», ընդգծեց Աւագեան: