Կլատիս Պերեճիքլեան Յոյսով է՝ Աւստրալիան Մօտ Ապագային Պիտի Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Վարեց՝ ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ
Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի վարչապետ Կլատիս Պերեճիքլեան չորրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի Հայաստան: Այս անգամ այցը մասնաւոր է, սակայն հանդիպումներ կայացած են ՀՀ վարչապետին եւ նախագահին հետ: Armenpress.am-ը Կլատիս Պերեճիքլեանի հետ զրուցած է յառաջիկայ ծրագիրներուն, Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այլ թեմաներուն մասին: Հարցազրոյցը կը ներկայացնենք Արեւմտահայերէնի վերածուած.
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Տիկին Պերեճիքլեան, 2019 Մարտ 23ին Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ դարձաք նահանգի առաջին հայ եւ կին վարչապետը: Նիւ Սաութ Ուէյլզը իր մեծութեամբ եւ բնակչութեան քանակով քանի մը անգամ կը գերազանցէ Հայաստանը, իր տնտեսութեամբ կը գերազանցէ նաեւ շարք մը առաջատար երկիրներ: Համագործակցութեան ինչպիսի՞ հեռանկարներ կը տեսնէք Հայաստանի Հանրապետութեան հետ: Փոխգործակցութեան ծրագիրներ ունի՞ք, որոնք այս ընթացքին արդէն քննարկած էք Հայաստանի վարչապետին կամ նախագահին հետ:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ծրագիրները շատ են, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կարենանք պաշտօնական մակարդակով հզօր կապեր ստեղծել, որովհետեւ ոչ պաշտօնական մակարդակով մեր սրտերը շատ մօտ են: Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի հայ համայնքը շատ հզօր է: Հայ համայնքի անդամները միշտ կ՛ուզեն ոչ միայն այցելել Հայաստան, այլ նաեւ օգտակար ըլլալ երկրին: Պաշտօնական մակարդակով յարաբերութիւնները խորացնելու հարցը շատ լուրջ քննարկեցինք թէ՛ վարչապետին, թէ՛ նախագահին հետ, եւ յոյս ունիմ, որ ապագային պիտի կրնանք մեր յարաբերութիւններուն պաշտօնական կարգավիճակ տալ:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստան այցելած էք նաեւ 2013ին՝ աւստրալական քաղաքական գործիչներու պատուիրակութեան կազմով: Այդ այցէն անցած է 6 տարի, ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նկատէք այսօր Հայաստանի մէջ եւ ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ասիկա առաջին անգամն է, որ Հայաստան կ՛այցելեմ իբրեւ վարչապետ, բայց, ընդհանուր առմամբ, չորրորդ այցն է: Այստեղ ազգականներ ունիմ, եւ միշտ կը փորձեմ գալ Հայաստան: Հայաստանի մէջ նկատած եմ շատ փոփոխութիւններ: Կը կարծեմ՝ ժողովուրդը աւելի լաւատես է, ապագայի նկատմամբ աւելի յոյսով լեցուած է, շինարարութիւնը բաւական կը զարգանայ, սակայն որոշ հարցեր կան, որոնք ապագային պէտք է լուծուին: Բայց ես լաւատես եմ Հայաստանի նկատմամբ եւ կը զգամ, որ Սփիւռքի հայութիւնը միշտ Հայաստանի կողքին կանգնած է:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանի մէջ ի՞նչը ձեզի առաւել գրաւած է, եւ Նիւ Սաութ Ուէյլզ զբօսաշրջիկներուն ի՞նչը կրնայ գրաւել, որպէսզի անոնք ալ այցելեն Հայաստան:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Կը կարծեմ՝ Հայաստանի մէջ կը գրաւեն անոյշ պատմութիւնը, տեսարժան վայրերը: Հայաստանը աւելի լաւ ձեւով պէտք է մատուցէ իր հարստութիւնները, մանաւանդ պատմական արժէք ներկայացնող կոթողները: Օրինակ՝ արեւմտեան աշխարհը, եթէ տեղեկանայ, որ այստեղ գոյութիւն ունին 4-5րդ դարերու եկեղեցիներ, անոնց մէջ մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջանայ:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Նախորդ անգամ նաեւ Արցախ այցելած էիք, այս անգամ այդպիսի այց կը նախատեսէ՞ք:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Դժբախտաբար, ո՛չ: Այս անգամ այցը շատ կարճ է, միայն մէկ շաբաթով ժամանած եմ ընտանեկան հարցերով, պէտք է մասնակցիմ հարսանեկան արարողութեան: Բայց ապագային դարձեալ պիտի այցելեմ Արցախ, երկու անգամ այցելած եմ, եւ միշտ ընկերներս կը յորդորեմ, որ իրենք ալ երթան: Մօտ ապագային Աւստրալիայէն պատգամաւորական այլ խումբ պիտի ժամանէ, յոյսով եմ, որ անոնք պիտի երթան Արցախ:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հպարտօրէն կը նշէք, որ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած ընտանիքի թոռնուհի էք, ձեր գործունէութեան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ Աւստրալիոյ իշխանութիւններուն կոչ ըրած էք ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ըստ ձեզի՝ Աւստրալիան ե՞րբ պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ հնարաւորութիւններ կան ատոր համար, եւ ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկէք այդ ուղղութեամբ:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Մեր նահանգը արդէն 20 տարի է՝ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Արցախի անկախութիւնը՝ նոյնպէս: Մենք յոյսով ենք, որ Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ, եթէ Գերմանիան եւ կարգ մը երկիրներ կրնան ճանչնալ, եւ ես միշտ իմ խորհրդարանական ընկերներու մօտ այդ հարցը կը բարձրացնեմ: Կը յուսամ, որ մօտ ժամանակներս Աւստրալիան նոյնպէս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Հայաստանէն դուրս բարձր պաշտօններու շատ քիչ թիւով հայեր կրնան հասնիլ: Ի՞նչ խորհուրդ պիտի տաք Սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, որոնք դեռ նոր կը պատրաստուին զբաղիլ քաղաքականութեամբ:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Երկու բան միշտ օգնած է զիս՝ հաւատքն ու աշխատասիրութիւնը: Եթէ անընդհատ աշխատիս, ամէն ինչ կրնաս ընել: Ինծի միշտ կը հարցնեն, թէ ո՞րն է գաղտնիքը, կ՛ըսեմ՝ գաղտնիք չկայ: Գիշեր-ցերեկ պէտք է աշխատիս, եւ պէտք է միշտ լաւատես ըլլաս, այդ երկու բաները շատ կարեւոր են:
ՆՈՐԱՅՐ ՇՈՂԻԿԵԱՆ.- Ապագային աւելի բարձր պաշտօններ զբաղցնելու ծրագիրներ ու նպատակներ ունի՞ք:
ԿԼԱՏԻՍ ՊԵՐԵՃԻՔԼԵԱՆ.- Ոչ, իմ վարչապետի պաշտօնը բաւական է: Սակայն 17 տարի առաջ, երբ խորհրդարանի անդամ դարձայ, բնաւ չէի պատկերացներ, որ օր մը վարչապետ պիտի ըլլամ: Բայց կամաց-կամաց, երբ մէկ յաջողութիւն արձանագրես, կը հասկնաս, որ միւսին եւս կրնաս հասնիլ: Այդպէս հասայ այս պաշտօնին:
Լուսանկարները՝ ՏԱԹԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆ