Երեքշաբթի, 23 Յուլիսի առաւօտեան, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեան այցելութիւն տուաւ Յոյն ողղափառ համայնքի առաջնորդական տեղապահ Մար Մուսա Խասի վարդապետին: Թեմակալ առաջնորդին ընկերակցեցաւ Արշակ քհնյ. Ալաճաճեան: Հանդիպման ընթացքին թեմին առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց տեղապահին, որ ներկայ գտնուած էր իր պաշտօնական եւ ժողովրդային ընդունելութեան: Վարդապետը իր կարգին համայնքին անունով բարի երթ մաղթեց առաջնորդ սրբազան հօր, որպէսզի անսպառ թափով շարունակէ իր հովուական ծառայութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.