ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Հինգշաբթի, 8 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ուսողութեան եւ համակարգիչներու ծրագիրներուն նուիրուած ներկայացում մը, առաջնորդութեամբ այս մարզի մասնագէտներէն Ռէյ Տիւրընի:
Տիւրըն վկայուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ ներկայիս դոկտորի տիտղոսի թեկնածու է Հիւսիսային Տաքոթայի համալսարանին մէջ։
Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնին հասցէն է՝ 117 South Louise Street, Glendale, CA 91205:
Մուտքը ազատ է, սակայն տեղերը սահմանափակ ըլլալով՝ կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ դիմելով events@aesa.org հասցէին: