ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ամառնային Ս. Գրային դպրոցը եւ իր օրհնութիւնները եւ պատգամը փոխանցեց մանուկներուն:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ սրբազանին եւ ներկայացուց ամառնային Ս. Գրային դպրոցին մէջ կատարուած աշխատանքները:
Ապա, փոքրիկները իրենց սորված շարականները, սաղմոսները եւ աղօթքները խանդավառ կերպով ներկայացուցին ներկաներուն:
Առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց տէր հայրը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց միութիւնը եւ ուսուցչական կազմը, որոնք 7 տարի շարունակ լծուած են այս ազգաշէն աշխատանքին: Ան փոքրիկներուն բացատրեց, թէ ինչո՛ւ իւրաքանչիւր հայ մանուկ պէտք է գոհութիւն յայտնէ Աստուծոյ իւրաքանչիւր բարիքի համար:
Մտերմիկ հանդիպումը աւելի եւս հետաքրքրական դարձաւ, երբ առաջնորդ սրբազանը փոքրիկներուն սորվեցուց ճաշէն ետք արտասանուող «Փառք կերակրողին» աղօթքը՝ այսպիսով երեխաներուն մէջ գոհունակ եւ երախտապարտ ըլլալու զգացումը աւելի եւս արմատաւորելով ու իմաստաւորելով:
Հանդիպումին աւարտին, առաջնորդ սրբազանը յուշանուէրներ փոխանցեց փոքրիկներուն եւ զանոնք «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց, որմէ ետք ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ կից «Անտոնեան» սրահը, ուր ցուցադրուած էին Ս. Գրային դպրոց յաճախող երեխաներուն ձեռային աշխատանքները: