Չորեքշաբթի, 24 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 11ին, Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան եւ հիւպատոսի խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի այցելեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ թեմի Կլենտէյլի առաջնորդարանը եւ հանդիպում ունեցան առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանի հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցան Թագուհի Մարտիրոսաց Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ Արմենակ վրդ. Պետրոսեան, առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան եւ Երիտասարդաց խումբի ներկայացուցիչները:
Դեսպան Ներսէսեան, խօսք առնելով՝ անդրադարձաւ Հայ-Ամերիկեան միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման, Միացեալ Նահանգներու հայ համայնքի ներուժի կարեւորութեան եւ անոր հայրենանպաստ աշխատանքներուն, Հայաստանի տարածաշրջանի հարցերուն, Հայաստանի ներքաղաքական եւ ընկերային վիճակին, կառավարութեան գործունէութեան նկատմամբ հայ ժողովուրդի տածած վստահութեան եւ Արցախի խաղաղութեան բանակցութեանց վերջին զարգացումներուն:
Առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայացուց անկախութեան առաջին պահէն իսկ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան Հայաստան մուտքը, անոր ունեցած հոգեւոր, մարդասիրական եւ ընկերային գործունէութիւնները, «Տիրամայր Հայաստանի» Հայ քոյրերու կեդրոնի հսկայ աշխատանքները, 1995էն ի վեր գործող «Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան անսահման օժանդակութիւնները կարիքաւոր եւ հաշմանդամ երեխաներու եւ ընտանիքներու, Յովհաննէս-Պօղոս պապի հիմնած՝ Աշոցքի «Տիրամայր Նարեկի» հիւանդանոցի յոյժ կենսական առաքելութիւնը:
Այնուհետեւ պրն. դեսպանը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն՝ Ջաւախքի հայերու ունեցած դժուարութիւններուն, Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն, Հայաստանի առեւտրական գործառնութիւններուն եւ մաքսային հարկերուն վերաբերեալ:
Մէկ ժամ տեւած շահեկան հանդիպումի աւարտին, առաջնորդարանը ճաշով մը պատուեց հիւրերը:
ԴԻՒԱՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ