ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ 2019ի ամառնային զօրակոչը աւարտած է. անոր ընթացքին պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչուած է կանխատեսուածէն շուրջ 15 տոկոս աւելի քաղաքացի: Ան դիտել տուած է, որ այս աճը հիմնականօրէն կապուած է քաղաքացիներուն հայրենիք վերադարձին, կամաւորաբար անոնց ներկայանալուն, ինչպէս նաեւ այլ աշխատանքներու:
Նշուած է նաեւ, որ ընդհանուր զօրակոչուած զինուորներէն շուրջ 120ը, յատուկ քննութեամբ կատարուած ընտրութեան իբրեւ արդիւնք, զօրակոչուած է արհեստագիտութեան վաշտ, արդի արհեստագիտութեան մշակման խումբ եւ այլ յատուկ ստորաբաժանումներ:
89 քաղաքացիներ զօրակոչուած են «Ես եմ» ծրագիրով: «Պատիւ ունեմ» ծրագիրի ծիրին մէջ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ քաղաքացիաիրաւական բնոյթի պայմանագիր կնքած են 290 քաղաքացիներ:
Կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառին մէջ նշանակալի նուաճումներ ունեցող 196 քաղաքացիներ, Հայաստանի կառավարութեան համապատասխան որոշումներով, պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն ազատած են։