ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 24էն 28 Յուլիս Ուքրանիոյ Լվով քաղաքի մերձակայքը տեղի ունեցաւ հոլանտական «Մաքս Վան Տեր Շթոյէլ» հիմնարկի, Ուքրանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան կազմակերպած «Ընկերվարութեան եւ ժողովրդավարութեան ակադեմիա»ի տարեկան ամառնային հաւաքը:
Հաւաքին կը մասնակցէին երիտասարդներ 5 երկիրներէ՝ Հայաստան, Վրաստան, Մոլտովա, Ուքրանիա, Պիելոռուսիա: ՀՅԴէն մասնակցեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ Մարիամ Ռեւազեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան անդամ Վարդան Պապիկեան:
Աշխատանքներու ընթացքին քննարկուեցան ընկերային արդարութեան խնդիրները, ինչպէս նաեւ ընկերվարական կուսակցութիւններու գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը նշեալ երկիրներուն մէջ: Ուքրանական «Ընկերվար-ժողովրդավարութեան փլաթֆորմ» կազմակերպութեան անդամները իրենց քաղաքական փորձառութիւնը ներկայացուցին մասնակիցներուն:
Ծրագիրի ծիրին մէջ քննարկուեցան նաեւ աշխարհաքաղաքականութեան, փտածութեան դէմ պայքարին եւ մարդու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր:
Ակադեմիայի աշխատանքներուն ընթացքին մասնակիցները ձեռք բերին նոր հմտութիւններ ու գիտելիքներ, որոնք հետագային պիտի օգտագործեն իրենց հետագայ քաղաքական գործունէութեան մէջ: