ԵՐԵՒԱՆ- Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն (ԱԱԾ) անհետացած փաստաթուղթերուն մեծ մասը վերականգնուեցաւ եւ միացուեցաւ Մարտ 1ի գործի քննութեան։ Այս մասին լրագրողներու յայտնեց ԱԱԾի տնօրէն Արթուր Վանեցեան։
Ըստ անոր՝ այդ փաստաթուղթերը հիմնականին մէջ կը վերաբերին Մարտ 1ի հարցին։ «Փաստաթղթերի անհետացման հետ կապուած իրականացուել է ծառայողական քննութիւն Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնում, փաստաթղթերի մեծ մասը վերականգնուել է եւ փոխանցուել է Յատուկ քննչական ծառայութիւն եւ միացուել է Մարտի 1ի գործի քննութեանը», ըսաւ ԱԱԾի տնօրէնը։
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ նոր հանգամանքներ ի յայտ եկած են այդ փաստաթուղթերու վերականգնումէն ետք՝ Վանեցեան ըսաւ, որ չի կրնար մանրամասնութիւններ տալ, սակայն կան հետաքրքրական փաստաթուղթեր, որոնց վերաբերեալ յառաջիկային նախաքննութիւն իրականացնող մարմինը պիտի յայտարարէ։