ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը իր 1 Օգոստոսի նիստին լրացում կատարեց «Գերակայ ոլորտին մէջ իրականացուող ներդրումային ծրագիրով ներածուած արհեստագիտական սարքաւորումները, անոնց բաղկացուցիչ ու համալրող մասերը, հումքը եւ նիւթերը ներածման մաքսատուրքէն զերծ մնալու արտօնութենէն օգտուելու համար «Հելլօ» ընկերութեան ներկայացուցած դիմումը բաւարարելու եւ արտօնութիւն կիրառելու վերաբերող իր որոշման յաւելուածին մէջ՝ արտօնութիւն տալով ընկերութեան առանց տուրքերու ներածումներ կատարել վերոյիշեալ բնագաւառներուն մէջ։
Այս որոշման վերաբերող հիմնաւորման մէջ նշուած է, որ «Հելլօ» ընկերութիւնը ներածած է հումք‘ հիւսուածեղէնի արտադրութեան համար: Ներկայիս անհրաժեշտութիւն յառաջացած է ներածել ապրանքներու լրացուցիչ խմբաքանակ մը՝ յառաջիկայ արտադրական գործընթացին բնականոն աշխատանքը չխաթարելու համար: Ընկերութեան կողմէ տրամադրուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ ներդրումային ծրագիրով ընկերութեան մէջ ստեղծուած է 79 նոր աշխատատեղ եւ իրականացուած 134 միլիոն 191 հազար դրամի ներդրում:
«Կ՛ակնկալուի, որ արտօնութիւնը լուրջ խթան հանդիսանայ նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացման եւ, ասոր իբրեւ արդիւնք, նոր աշխատատեղերու ստեղծման, ներդրումներու ներ-գրաւման, տեղական արտադրութեան եւ արտածման խթանման համար», կը նշուի հիմնաւորման մէջ: