ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոնթրէալի նուագախումբի ջութակահար Վան Արմէնեան եւ անոր կինը՝ Լիանա Խոշբեկեան տարիներ շարունակ կը ճամբորդեն Հայաստանի ու Ջաւախքի տարբեր անկիւնները, ուր կ՛ընտրեն լաւագոյն երաժիշտ երեխաները եւ անոնց համար կը ստեղծեն կատարելագործուելու բոլոր պայմանները։
Այս նպատակին համար անոնք 10 տարի առաջ հիմնեցին «Ատգեն Արմէնեան» բարեգործական հիմնադրամը:
«Մենք ուսուցիչներու կազմ ունինք եւ շաբաթը երկու անգամ զանոնք կ՛ուղարկենք մարզերը, որպէսզի իրենց գիտելիքները փոխանցեն տեղւոյն երեխաներուն: Հիմնականին մէջ վոքալի եւ դաշնամուրի մասնագէտներ են, սակայն մեր կազմին մէջ ունինք նաեւ ֆլիւթահար եւ ջութակահար: Մենք նոյնիսկ աշակերտ ունինք Գիւմրիէն, որ կու գայ Երեւան՝ ուսանելու Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի առաջին ֆլիւթահար Նարեկ Աւագեանի մօտ, ուրիշ մըն ալ կու գայ Ջաւախքէն՝ վոքալ սորվելու, ամիսը անգամ մը մէկ շաբաթով կը մնայ Երեւան», «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Վան Արմէնեան։
Անոնք այս տարի հիմնեցին նաեւ «Զարթօնք» երաժշտական ակադեմիան., ճամբար մը, որ կը կազմակերպուի Վանաձորի մէջ: Ճամբարին նպատակն է զարգացնել դասական երաժշտութիւնը Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ: Անոր կը մասնակցին 45 երեխաներ՝ Հայաստանէն ու Ջաւախքէն: Ճամբարին դասաւանդութիւններ պիտի տան յայտնի երաժիշտներ:
Երեխաները Վանաձորի մէջ պիտի տան 4 համերգներ, հատ մըն ալ՝ Գիւմրիի, 9-17 Օգոստոսին։ Երկշաբաթեայ դասընթացքներուն դասընթացքներ պիտի տայ նաեւ Գանատայէն հրաւիրուած երգչուհի Ալին Գութան, որ շատ ուրախ ու հպարտ է, որ իրեն վստահուած է այդ գործը:
Վան Արմէնեան նաեւ նշեց, որ իրենց ծրագիրին ճամբով կ՛ուզեն գտնել բացառիկ տաղանդներ, որոնք լաւ մասնագէտներու կարիքը ունին իրենց հմտութիւնները զարգացնելու համար:
Ծրագիրը համակարգող Լիանա Խոշբեկեան շեշտեց, որ երեխաներու ուսման ծախսերը ամբողջութեամբ կը ստանձնէ «Ատգեն Արմէնեան» հիմնադրամը: