ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան 7 Օգոստոսին ընդունեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները՝ Հայաստանի մէջ կոմիտէութեան պատուիրակութեան ղեկավար Քլեր Մեյթրոյի գլխաւորութեամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քն-նարկեցին պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան միջեւ համագործակցութեան ընթացիկ հարցերը, օրակարգային միջոցառումները, ինչպէս նաեւ փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման կարելիութիւններն ու կատարուելիք աշխատանքները։
Կողմեր յատկապէս անդրադարձան նաեւ վերջին շրջանին հայ-ատրպէյճանական սահմանի նախիջեւանեան հատուածին մէջ լարուածութեան աճին: Արտայայտելով իր մտահոգութիւնը քաղաքացիներու կեանքին, առողջութեան եւ գոյքին նկատմամբ առկայ սպառնալիքներուն գծով՝ Ք. Մեյթրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի պատկան մարմիններուն հետ համագործակցութեամբ առաւել խոցելի համայնքներէն մէկուն մէջ իրականացնել վտանգներու նուազեցման վերաբերող ծրագիր, որ կ՛ենթադրէ համայնքներու դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն ու առաւել ռմբակոծուող շրջաններուն մէջ պաշտպանիչ պատերու կառուցում եւ մարդոց իրազեկուածութեան բարձրացման նախաձեռնութիւններու իրականացում:
Հանդիպման աւարտին զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին իբրեւ հետեւանք անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրը պարզելու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի գերիներու, պատանդներու, անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող յանձնաժողովի եւ ԿԽՄԿի կողմէ իրականացուող աշխատանքներու համադրման առնչուող այլ հարցեր: