ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան 7 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի Սփիւռքի գործերով գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։
Մասիս Մայիլեան կարեւոր նկատեց կապերու աշխուժացումը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք փոխգործակցութեան հետագայ ամրապնդման նպատակով: Քննարկուեցան գերատեսչութիւններուն միջեւ բարձր մակարդակով համագործակցութեան հաստատման հեռանկարները՝ այս ոլորտին մէջ միացեալ ջանքերու հետեւողականութիւն ապահովելու համար: Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկեցին համահայկական շահերու խթանման, ինչպէս նաեւ հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Այս պարունակին մէջ Մայիլեան ընդգծեց Արցախի պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու հայապահպանութեան: