ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 7 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ Լենա Նազարեանի ընկերակցութեամբ Արցախ գտնուող Պուլկարիոյ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վալերի Սիմէոնովն ու Իորտան Ափոսթոլովը։
Հանդիպման ընթացքին հիւրերը խօսեցան Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու բացման արարողութեան մասին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց՝ աջակցելու եղբայրական հայ ազգին բոլոր նախաձեռնութիւններուն:
Այնուհետեւ կողմերը քննարկեցին Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, արցախեան տագնապին, մարմնակրթութեան եւ մշակոյթի միջոցով ազգերու համարկման կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր: