ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ Ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի բարձրագոյն խորհուրդին ուշադրութենէն չէ վրիպած ամերիկեան «Նեթֆլիքս» ընկերութեան «Ընատըր Լայֆ» («Ուրիշ Կեանք») հաղորդաշարին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթին արծարծումը։
Արդարեւ, խորհուրդը այս գծով բողոք ներկայացուցած էր ընկերութեան եւ 8 Օգոստոսին դժգոհութիւն յայտնեց, որ ընկերութիւնը ցարդ չէ պատասխանած բողոքին։
Հաղորդաշարին հերոսներէն մէկը հայ է եւ կը պատմէ, որ իր մեծ մայրը Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն ենթարկուած է բռնագաղթի եւ ստիպուած եղած է իր երկու զաւակներուն հետ մահու եւ կենաց պայքար տանելու սուրիական անապատին մէջ։