ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հայաստանի մէջ գործող 15 վերգետնեայ հեռարձակողները միաւորուեցան մէկ երդիքի տակ՝ ստեղծելով Վերգետնեայ հեռարձակողներու միութիւն, որուն նախագահն է «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն Դաւիթ Յակոբեան:
Այս առիթով կայացած մամլոյ ասուլիսին ան նշեց, որ կան բազմաթիւ հարցեր, զորս բարձրաձայնելու, կարգաւորելու անհրաժեշտութիւն կայ:
«Սա մի հարթակ է, որտեղ միաւորուած վերգետնեայ հեռարձակողները կը կարողանան միասնական բարձրացնել իրենց մտահոգող հարցը, լինել կապող օղակ հեռարձակողների ու օրէնսդիր կամ այլ մարմինների միջեւ: Այժմ միաւորուել է 15 հեռարձակող, սակայն մենք բաց ենք, կարող են միանալ նաեւ միւսները», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով ոլորտին դիմագրաւած խնդիրներուն՝ Դաւիթ Յակոբեան յատկապէս յիշեց վերգետնեայ հեռարձակողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը թէ՛ Հայաստանի մէջ, եւ թէ անկէ դուրս: Ըստ անոր՝ քիչ չեն դէպքերը, երբ արտերկրի մէջ գործող հայալեզու հեռարձակողներ առանց արտօնութեան կը գործածեն հայկական կայաններուն պատրաստած հաղորդումները։
«Բայց չէ՞ որ մենք գումարներ ենք ծախսել ու պրոդուկտ ստեղծել, իսկ դրսում շատ դէպքերում մեր արտադրանքն օգտագործում են: Առանձին-առանձին այդ ամէն ինչին հետեւելը, վերահսկելը դժուար կը լինի: Ահա այս հարթակով մենք այդ եւ այլ ուղղութիւններով միասնական աշխատանք կը տանենք», ըսաւ Դաւիթ Յակոբեան:
Շարունակելով խնդիրներուն մասին խօսիլ՝ «Իմպուլս» ընկերութեան տնօրէն Դաւիթ Խումարեան նշեց, որ ներկայիս առկայ է անհաւասար մրցակցային դաշտ, որուն անհրաժեշտ է վերանայել: «Վերգետնեայ հեռարձակողներն ամենավերահսկուողներն են, աշխատում են օրէնքի տառին համապատասխան, հարկեր են վճարում, իսկ այսօր յայտնուել են ցանցային հեռարձակողներ, որոնք, մեծ հաշուով, որեւէ օրինական բազայում չեն գործում: Իրենք կարող են իրենց թոյլ տալ կոնկրետ գովազդի տեսակ, գովազդի չափ, բովանդակութիւն, ինչը մենք մեզ չենք կարող թոյլ տալ: Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն կայ դաշտը հաւասարեցնելու», ըսաւ ան։
«Քիս FM»ի տնօրէն Ռուզաննա Շահինեան խօսեցաւ «Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի մասին» օրէնքի նախագիծ, որ քննարկումներու փուլի մէջ է: Ըստ անոր՝ ճիշդ կ՛ըլլար այդ նախագիծը քննարկուէր շահագրգիռ կողմերուն հետ, մասնաւորապէս՝ վերգետնեայ հեռարձակողներուն, որպէսզի զանոնք մտահոգող հարցերուն պատասխանները այդ նախագիծին մէջ տեղ գտնեն, մանաւանդ որ ժամանակի պահանջները լրիւ փոխուած են։
«Շանթ» ընկերութեան իրաւաբան Սիմոն Ֆարմանեանի համաձայն՝ նախագիծին վերաբերեալ քննարկումներուն չմասնակցելու պատճառը թերեւս այն բացն է, որ գոյութիւն չէ ունեցած մարմին, որ կը միաւորէր հեռարձակողներին: «Ինչ վերաբերում է օրէնքի նախագծին, ապա ես կարծում եմ, որ հասկանալի չէ, թէ այն ինչ խնդիրներ է լուծելու: Ըստ էութեան, պատշաճ քննարկում չի իրականացուել շահագրգիռ կողմերի հետ, ու մենք այստեղ չենք տեսնում մեր խնդիրների լուծումները: Հետեւաբար, անհրաժեշտութիւն կայ, որ օրէնքի նախագիծը մանրամասն ուսումնասիրուի», ըսաւ ան։