ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը, իր պիւտճէին մէջ վերաբաշխում կատարելով՝ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն համար յաւելեալ 1253 սարքեր պիտի տրամադրէ: Նշեալները կը վերաբերին հաշմանդամներուն համար անհրաժեշտ արհեստական անդամներու, վերականգնողական պարագաներու, աջակցող այլ թեքնիք միջոցներ ստանալու նպատակով տրամադրուող պետական հաւաստագիրներով տրուող միջոցներուն։
2019ի առաջին կիսամեակին, նախատեսուածէն աւելի անձեր դիմած են՝ հաւաստագիր ստանալու համար, առ այդ աջակցող սարքերու նախատեսուած քանակը սպառած է, անհրաժեշտութիւն ծագած է յաւելեալ սարքերու, ուստի նախարարութիւնը այս քայլին դիմած է։
Կառավարութեան որոշումով՝ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը վերաբաշխման իբրեւ արդիւնք՝ յաւելեալ 200 անուասայլակներ, 50 լսողական սարքեր (30էն բարձր տարիքի անձերու համար), 20 ետնաքայլակներ (մանկական ուղեղային կաթուածով տառապող երեխաներու համար), 41 քայլակներ, 85 զոյգ օրթոփետիք շտկող ներդիրներ, 761 զոյգ օրթոփետիք կօշիկներ, 71 օրթեզներ, 25 փրոթեզներ եւ այլ աջակցող միջոցներ ձեռք բերելու կարելիութիւն պիտի ունենայ։
Նոյն ժամանակ, պետական հաւաստագիրը կարելիութիւն կու տայ տուեալ անձին ընտրութիւն կատարելու եւ ձեռք բերելու իր կարիքին առաւելագոյնս յարմար աջակցող միջոցը, իր նախընտրած կազմակերպութենէն: Այս հանգամանքով, նոյն ատեն հանրային իրազեկման բարձրացումով պայմանաւորուած՝ աւելցած են շահառուներուն դիմումները: