ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Հայաստանի մէջ գործող 17 դրամատուներ այս տարուան առաջին կիսամեակին 37.89 միլիառ դրամի զուտ շահոյթ արձանագրած են: Այս մասին կը վկայեն դրամատուներու երկրորդ եռամսեակի միջանկեալ հաշուետուութիւնները: Նոյն հաշուետուութիւններէն պարզ կը դառնայ, որ 2018ի առաջին կիսամեակին հետ համեմատած՝ դրամատուներու զուտ շահոյթը աճած է 2 միլիառ դրամով:
Այս տարուան առաջին կիսամեակը շահոյթով փակած են բոլոր դրամատուները:
Շահոյթի մեծութեամբ առաջատարը «Ամերիբանկ»ն է, որուն զուտ շահոյթը այս տարուան առաջին կիսամեակին եղած է 5.57 միլիառ դրամ: