13 Օգոստոսին, ՀՅԴ Ստեփանակերտի «Նիկոլ Դուման» կեդրոնը այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքին մէջ պատանեկան ճամբար իրականացնող ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Միութեան (ԶՈՄ) անդամներ Հրակ Գարամինասեան եւ Սելին Գրիգորեան:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Սերգէյ Շահվերդեանի եւ Աշոտ Պետրոսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ԶՈՄի անդամները ներկայացուցին Մարտունիի մէջ ընթացող ճամբարին ընթացքը, քննարկեցին ճամբարներու արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու հարցը:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, ողջունելով պատանիներու ամառնային առօրեան յագեցնող եւ ուսուցողական բնոյթ ունեցող ճամբարներու կազմակերպումը Արցախի մէջ՝ կարեւոր համարեցին յատկապէս անոնց կազմակերպումը շրջաններուն մէջ:
Ըստ Հրակ Գարամինասեանի՝ այս տարուան ճամբարը կը տարբերի նախորդ տարիներէն: Երեք շաբթուան տեւողութեամբ տեղի ունեցող ճամբարը փորձառական է եւ սպասուած արդիւնքին հասնելու պարագային այդ ձեւը պիտի կիրարկուի նաեւ հետագային:
ԶՈՄականները նոյն օրը ընկերական զրոյց ունեցան ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպումներուն աւարտին, ԶՈՄի անդամները ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան յուշանուէրներ փոխանցեցին: