ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, «Արարատ Տան» մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք, նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ հիւանդանոցի բաժինին մէջ, Ս. Աստուածածինին նուիրուած շարականներու երգեցողութեամբ։ Ներկայ էին «Արարատ Տան» հոգաբարձութեան ատենապետ իրաւաբան Յովսէփ Կանիմեան եւ անդամներ, հաստատութեան գլխաւոր պատասխանատու Տերիք Ղուկասեան, հիւանդանոցի բաժինի վարիչ Մարկարիթա Քէշիշեան, պաշտօնէութեան անդամներ եւ բնակիչներ։ Յանուն «Արարատ Տան» հոգաբարձութեան՝ Կանիմեան ողջոյնի խօսք ուղղեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ հոգեւորականաց դասուն, որոնք շարունակ կ՛այցելեն մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, յատուկ ուշադրութիւն կը տածեն եւ իրենց սրտաբուխ աղօթքներով անոնց հոգեւոր պապակը կը գոհացնեն։
Առաջնորդ սրբազանը ողջունելով ներկաները՝ իր գոհունակութիւնը յայտնեց գտնուելուն համար «Արարատ Տան» ընտանիքին մէջ, ուր Աստուծոյ ներկայութիւնը ակներեւ է՝ սիրոյ եւ խաղաղութեան մթնոլորտով տոգորուած։ Ան ընդգծեց, որ իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին մեր հոգեւոր հայրերը աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած՝ բնակիչներուն առողջութիւն հայցելով, Տիրոջ օրհնութիւնը եւ Ս. Աստուածածինի բարեխօսութիւնը աղերսելով։ Ապա, գնահատանքի խօսք ուղղեց ատենապետ Կանիմեանին ու հոգաբարձութեան ջերմ ընդունելութեան համար, իր օրհնութիւնները փոխանցեց եւ դրուատեց անոնց աստուածահաճոյ ծառայութիւնը։
Խօսելով Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին մասին՝ առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուծոյ կողմէ ընտրուած էր Քրիստոսի մայրը դառնալու՝ իր սրբակենցաղ բարեպաշտութեան, հաւատարմութեան եւ հնազանդութեան համար։ Ապա, ան հրաւիրեց ներկաները Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով ընթանալու, Տիրոջ կամքը գործադրելու եւ իրենց կեանքի բոլոր հանգրուաններուն զԱստուած փառաւորելու։
Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք։
Ապա, մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ։ Պատարագիչը եւ օրուան քարոզիչն էր Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեան։ Ան իր քարոզին մէջ խօսեցաւ Ս. Աստուածածինի առաքինութեանց մասին եւ ընդգծեց Տիրամօր խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, սրբութիւնը եւ Աստուծոյ հանդէպ հաւատարմութիւնը։
Պատարագի աւարտին, հոն եւս կատարուեցաւ խաղողօրհնէք։
Զոյգ արարողութիւններու աւարտին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն, որմէ ետք երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն։
Ապա, տնօրէնութիւնը հոգեւորականաց դասը ճաշով մը պատուեց։