Հինգշաբթի, 15 Օգոստոսին, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի, ընկերակցութեամբ՝ Փասատինայի Հայ Կիլիկիա աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի։ Դոկտ. Ճէպէճեան Լոս Անճելըս կը գտնուի իր նոր հրատարակուած «Սփիւռքահայ Կեանքեր Ինչպէս Որ Տեսայ» գիրքի ներկայացումին համար, որ տեղի պիտի ունենայ 16 Օգոստոսին։ Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, գիրքին ներկայացման հանդիսութեան ներկայ պիտի գտնուի Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։
Մտերմիկ զրոյցին ընթացքին դոկտ. Ճէպէճեան խօսեցաւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ ծաւալած իր գործունէութեան մասին։
Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ։
Հանդիպումին ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Հայ առաքելական եւ Հայ աւետարանական եկեղեցիներու գործունէութիւնը եւ երկու համայքները յուզող հարցերը։