ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու պասքեթպոլի ախոյեան դարձաւ «Կլենտէյլ» խումբը, որ եզրափակիչ խաղին մրցեցաւ Թեհրանի դէմ եւ յաղթանակ արձանագրեց։
Եզրափակիչի առաջին քառորդին առաւելութիւնը «Կլենտէյլ» խումբին էր՝ 19:26: Ան ակնյայտ առաւելութիւն ունէր նաեւ ամբողջ երկրորդ քառորդին ընթացքին: Երրորդ եւ չորրորդ քառորդներուն «Թեհրան»ը չկրցաւ բաւարար միաւորներ հաւաքել եւ անցնիլ Կլենտէյլին, որ խաղը աւարտեց եւ ախոյեան դարձաւ 57:76 արդիւնքով:
Համահայկական խաղերու պասքեթպոլի աղջկանց պրոնզէ մետալակիրը Սպահանի խումբն էր։