ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու ամէնէն սպասուած՝ տղոց պասքեթպոլի եզրափակիչ մրցումին մրցեցան Միացեալ Նահանգներու երկու խումբեր՝ «Կլենտէյլ» եւ «Պեվըրլի Հիլզ», որ պարտութիւն։
Առաջին քառորդին բացարձակ հաւասար պայքար էր: «Կլենտէյլ»ը միայն մէկ միաւորի առաւելութիւն ունէր՝ 23:24: Երկրորդ քառորդին խումբը մէկ թեքնիք նկատողութիւն ստացաւ, իսկ ոչ մարզական կեցուածքին պատճառով որակազրկուեցաւ ու խաղէն հեռացուեցաւ Հայաստանի հաւաքականի նախկին անդամ Զարեհ Զարգարեան: Կրքոտ երկրորդ քառորդէն ետք յառաջատարը արդէն «Պեվըրլի Հիլզ»ն էր՝ 46:43: Երրորդ քառորդին եւս «Պեվըրլի Հիլզ»ը կրցաւ պահպանել առաւելութիւնը՝ 68:62: Չորրորդ՝ որոշիչ քառորդին, «Կլենտէյլ»ի խումբը փոխեց խաղին ընթացքը եւ կրցաւ յաղթել 84:92 արդիւնքով:
Համահայկական խաղերու պասքեթպոլի մրցաշարքի երրորդ դիրքին համար պէտք է մրցէին «Ֆրեզնօ» եւ «Թեհրան» խումբերը, սակայն «Ֆրեզնօ»ն հրաժարեցաւ՝ չներկայանալով խաղին: Պրոնզէ մետալին արժանացաւ «Թեհրան» խումբը: