Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական օրհնութեամբ կ՛ողջունեմ բոլորդ, տնօրէնութիւն, կրթական մշակներ, աշակերտներ, ծնողներ եւ Հայ Դպրոցին նուիրեալներ, ուսումնական 2019-2020 տարեշրջանի վերամուտին առիթով։ Կ՛աղօթեմ եւ կը մաղթեմ, որ այս տարեշրջանը ըլլայ Աստուծոյ օրհնութեամբ լի, անփորձ, անվտանգ, յաջող եւ բեղուն ու արդիւնաշատ՝ ի պայծառութիւն մեր նորահաս սերունդներու միտքին ու հոգիին։
Ահա վերամուտի զանգը կրկին կը հնչէ, մեր գաղութի մայր երակը ամառնային արձակուրդէն ետք կը վերագտնէ իր կենսունակութիւնը։ Այսօր, մեր աշակերտներու ստեղծած խանդավառ եռուզեռով, հայ դպրոցէն ներս սկիզբ կ՛առնէ կրթական 2019-2020 տարեշրջանը, զոր սրտագին կ՛ողջունենք լուսաւոր իրագործումներու սպասումով:
Առաջին հերթին, եկէք աղօթքով խոնարհինք եւ փառք տանք Աստուծոյ, որ մեզի շնորհած է նոր տարեշրջան մը սկսելու պարգեւը։ Տարեշրջան մը, որ մեր աշակերտներուն միտքերն ու հոգիները իմաստութեամբ պիտի լեցնէ՝ մատուցուած գիտելիքի սերմերը ծլարձակելու, որպէսզի մեր մատղաշ ու պատանի զաւակները հարստանան քրիստոնէական մեր հաւատքէն բխող բարիքներով եւ իրենց հոգիները ճարտարապետեն հայեցի դաստիարակութեամբ։
Սիրելի՛ աշակերտներ,
Այսօր, ձեր գալուստով հայ վարժարանի հոգին դարձեալ կը լեցուի հայաշունչ մեղեդիով, հայ դպրոցի սիրտը կը սկսի տրոփել յանուն ազգային արժէքներու շնչաւորումին, դասարաններու լռութիւնը կը խզուի ձեր ժպտադէմ դէմքերով ու ճռուողիւններով եւ հայ վարժարանի բակը կը վերահայանայ։
Մեծ պատիւ է հայ դպրոցին աշակերտիլը։ Հայ դպրոցը սոսկ ուսում ստանալու եւ գիտելիք ջամբելու վայր մը չէ։ Հայ դպրոցը ունի հիմնական ու կարեւոր առաքելութիւն մը. հայ մանուկն ու պատանին հայ դպրոցին մէջ կը կազմաւորուին իբրեւ հայ, կը ծանօթանան մեր կրօնքին, հայոց պատմութեան ու մշակոյթին։ Իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պէտք է անդրադառնայ հայ դպրոցի արժէքին ու դերակատարութեան, գիտակցի, թէ ինք բախտաւոր է հայ դպրոցի մը աշակերտը ըլլալուն, լա՛ւ սորվի մեր լեզուն, մեր պատմութի՛ւնը, ճանչնայ մեր մայր հայրենի՛քը՝ Հայաստանը, եւ մտածէ թէ ինչպէ՛ս կրնայ մասնակից դառնալ մեր մշակոյթին զարգացման եւ մեր իրաւունքներուն վերատիրացման։
Մուշեղ Իշխան այնքա՜ն խոր ու պարզ կերպով կ՛ըսէ. «Հայ լեզուն տունն է հայուն, աշխարհի չորս ծագերուն, ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ»: Սփիւռքի տարածքին հայրենիքէն դուրս մեր աներեր կռուաններն են՝ եկեղեցին, դպրոցն ու լեզուն, որոնց միջոցաւ կ՛ապրինք մեր պատմութիւնն ու հայրենիքը: Հետեւաբար, կառչած մնացէք ձեր դարաւոր ժառանգութեան եւ վայելեցէք անոնց գուրգուրանքը։
Վարձքը կատար բոլոր Խնամակալ ու Ուսումնական մարմիններուն անդամներուն, տնօրէններուն, վարիչներուն, դաստիարակներուն եւ ծառայողներուն:
Թող աստուածային օրհնութիւնները առատօրէն տեղան Հայ Դպրոցին ու անոր յարկը վայելող ծառայողներուն ու աշակերտներուն վրայ: Օրհնեալ ըլլան իրենց զաւակները Հայ Դպրոցի խնամքին վստահող բոլոր ծնողները։
Բարի վերադարձ Հայ Դպրոց։
Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ։
Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ