ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, եւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան տնօրինութեամբ, Երկուշաբթի, 19 Օգոստոսին, Խաղողօրհնէքի յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ խումբ մը երիտասարդներու համար, որոնց ընկերային յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերուի վերականգնումի կեդրոնի մը մէջ։
Արարողութիւնը կատարեց Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան, մասնակցութեամբ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի, որ փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութիւնները։
Ղեւոնդ քահանան կատարեց Խաղողօրհնէքը եւ տուաւ օրուան յատուկ քարոզ մը։
Աւարտին, ներկաները իբրեւ նուէր ստացան Ազգային առաջնորդարանին կողմէ տրամադրուած աղօթագիրքեր։