Քեսապի մէջ, Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եզրափակուեցաւ Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2019ին, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած Սուրբ եւ անմահ պատարագով:
Օրուան պատարագիչն էր Նարեկ քհնյ. Զերենցեան:
Սուրբ եւ անմահ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ Մաշտոց Արապաթլեան: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան եւ Քեսապի Հայ կաթողիկէ համայնքի վարդապետ Նարեկ Լուիսեան:
Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով կատարուած ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի ուղղած պատգամով:
Սրբազան հայրը եզրափակելով՝ ըսաւ, որ մեր բոլորին մաղթանքն է սուրիական բանակին յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք՝ ազատագրուած տեսնել նաեւ Եագուպիէն եւ գալիք տարիներուն Ս. Աննայի տօնը յիշատակել տեղւոյն Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ: Ապա աւելցնելով՝ ըսաւ, որ մեր ուխտը կ՛ամբողջանայ այն ատեն, երբ մենք կ՛այցելենք նաեւ այլ շրջաններու՝ Ճեզիրէի, Թել Ապիատի, Ղընեմիէի, Եագուպիէի եւ Տէր Զօրի մեր եկեղեցիները:
Պատարագին աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ: