ԿԼԵՆՏԷՅԼ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ոսկրածուծի նուիրատուներու հայկական հիմնարկի (ABMDR) 20րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 25 Օգոստոսի երեկոյեան, «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ, ներկայութեամբ 350է աւելի համակիրներու:
Ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորներն էին՝ Կլենտէյլի «Էտվենթիսթ» հիւանդանոցը եւ Լոս Անճելըսի քաղցկեղի ցանցը։
Ձեռնարկին հանդիսավարն էր հիմնարկի երկարամեայ համակիրներէն Ամերիկահայ բժշկական միջազգային ընկերակցութեան նախագահ եւ Ամերիկահայ բժշկական ընկերակցութեան նախկին նախագահ տոքթ. Վիգէն Սէֆիլեան, որ յիշեցուց, թէ հիմնարկը ցարդ ունի առաւել քան 31,000 նուիրատուներ 33 երկիրներէ, եւ ցարդ կատարուած ոսկրածուծի պատուաստումներով կրցած է փրկել 33 հիւանդներու կեանքերը։
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ հանդիսութեան եւ կատարեց բացման աղօթքը, ընկերակցութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Վաչէ քհնյ. Հայրապետեանի, որ նաեւ կարդաց առաջնորդին ողջոյնի խօսքը:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Աշճեան, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ (տեսանիւթով), հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, հիմնարկի գործադիր վարիչ տոքթ. Սեւակ Աւագեան, հիմնարկին կազմութեան մղիչ ուժը դարձած եւ անոր շնորհիւ բուժուած Ալիք Թօփալեան։
Նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս ճաշկերոյթին ընթացքին ձեռամբ հիմնարկի նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի՝ մեծարուեցան կարգ մը անհատներ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք նեցուկ կանգնած են հիմնարկի առաքելութեան:
Այս տարուան ձեռնարկին, »Կեանքի մը իրագործումներ« մրցանակը շնորհուեցաւ Ճորճ Թիթիզեանի, իսկ «Տեսլականի» մրցանակով պարգեւատրուեցան՝ Տիանա Յարութիւնեան, Մարք Կիրակոս, տոքթ. Քերոլայն Նաճարեան եւ Ստեփան ու Լինտա Վարդանեաններ:
«Տարուան կամաւոր» մրցանակները յանձնուեցան Անէթ Փոսթիքի, Արա Սիւտճեանի եւ դոկտ. Միգանուշ Ստեփանեանսի:
«Տարուան Կազմակերպութիւնը» մրցանակը յանձնուեցաւ Լոս Անճելըսի քաղցկեղի ցանցին:
Հիմնարկին 20ամեակին առիթով, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն յատուկ գնահատագիրներ յանձնեցին հիմնարկին, որմէ ետք կատարուեցաւ 20ամեակի կարկանդակին հատումը, Ալիք Թօփալեանի ձեռամբ։
Ներկաները նաեւ վայելեցին «Միսթըր Էքս»ի կատարումները: