ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Շաբաթ, 7 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայերու Ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի դպրոցին շէնքը կը վխտար ծնողներով, աշակերտներով եւ հիւրերով:
Այդ օր, բոլոր կամաւոր ուսուցիչներուն դէմքին վրայ խինդ եւ ուրախութիւն կար: Անոնք ամբողջ ամրան արձակուրդին կը ծրագրէին եւ կը պատրաստէին այս կրթաշրջանի աշխատանքները: Անոնք նաեւ մասնակցեցան Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին կողմէ պատրաստուած հայերէնի ուսուցչուհիներու որակաւորման դասընթացքին:
Վերամուտը իրենց ներկայութեամբ կը պատուէին միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապտուհի տոքթ. Մարալ Անճարկոլեան, ինչպէս նաեւ Արշալոյս Նըմոյեան եւ Յովհաննէս Գիւշէրեան: Վերամուտը կը պատուէր նաեւ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարաններու մարմինի ատենապետ, բազմավաստակ ու մեծանուն կրթական մշակ դոկտ. Էլլի Անդրէասեան:
Առաւօտեան ժամը 10ին, իննսուն աշակերտ-աշակերտուհիներ գեղեցկօրէն հագուած ներկայացան գեղեցկօրէն զարդարուած բեմին վրայ: Այս աշակերտները արդէն իսկ Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն արձանագրուած էին, իսկ շուրջ 40 աշակերտներ սպասման վիճակի մէջ են:
Վարժարանի ժրաջան ու սիրուած տնօրէնուհի Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանի բարի գալուստի եւ բացման ջերմ եւ սիրալիր խօսքէն ետք Տէրունական աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգով սկսաւ հանդիսութիւնը:
Վարժարանի հոգաբաձութեան ատենապետ Խաչիկ Ճանոյեան սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցաւ: Ողջունելէ ետք բոլոր ծնողները եւ աշակերտները վարժարանի 40րդ կրթաշրջանին առիթով՝ Ճանոյեան վստահեցուց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները հոյակապ ուսուցչուհիներու եւ տնօրէնութեան ձեռքին մէջ են։ Ապա Ճանոյեան բարի երթ մաղթեց դպրոցի տնօրէնութեան ուսուցչուհիներուն եւ աշակերտութեան:
Խօսք առաւ դոկտ. Էլլի Անդրէասեան, որ սրտաշարժ խօսքով մը շնորհաւորեց ներկայ ծնողները, որ իմաստութիւնը ունեցած են իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկելու, որպէսզի սորվին հայերէն եւ հայութեան մօտ ըլլան ու կապուին։ Անդրէասեան արժանանացաւ ներկայ ծնողներուն ու ուսուցչական կազմի երկարատեւ ջերմ ծափերուն:
Այդ օր ներկայ էր Լոս Անճելըսի մէջ ազգային եւ աշուղական երգերու գեղեցիկ մեկնաբան Գէորգ Չաքմայեան, որ խօսք առաւ ու շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, ապա ազգային հայրենասիրական երգերու փունջ մը կատարեց, արժանանալով ժողովուրդին ջերմ գնահատանքին:
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, բոլոր ծնողները անցան տնօրէնութեան հետ հանդիպու-մի, իսկ աշակերտները անցան իրենց դասարանները:
Կանաչ եւ բարի ճանապարհ կը մաղթենք մեսրոպախօս այս վարժարանի աշակերտութեան, տնօրէնութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն: