
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչները վերջերս խորհրդակցութիւններ ունեցան Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրի հետ, որ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան Ընկերային ծառայութեանց Կլենտէյլի կեդրոնատեղին այցելեց մօտէն ծանօթանալու համար ՀՕՄի տրամադրած համայնքային սպասարկութիւններուն։

«Իբրեւ Արեւմտեան Ամերիկայի համայնքի շահերու պաշտպան մեծագոյն կազմակերպութիւնը, մեր առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկն է երաշխաւորել համայնքին բարօրութիւնն ու ապահովութիւնը։ Հպարտ ենք Սփիւռքի տարածքին եւ հայրենիքի մէջ ՀՕՄի իրականացուցած կենսական գործունէութեամբ եւ երախտապարտ ենք վերահսկիչ Պարկըրին, որ ըմբռնումով կը մօտենայ մեր համայնքի կարիքներուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան:
«Հաճելի էր մօտէն ծանօթանալ համայնքին կրթական, ընկերային, մշակութային, մարդասիրական եւ այլ կենսական սպասարկութիւններ տրամադրող ՀՕՄի ներկայացուցիչներուն», կը յայտնէ Պարկըր։
ՀՕՄի Ընկերային ծառայութեանց գրասենեակի վարիչ Դալար Այնթպլեան Պարկըրին ներկայացուց գրասենեակին կողմէ համայնքին տարբեր հատուածներուն՝ պատանիներէն մինչեւ տարեցներ, տրամադրուող զանազան սպասարկութեանց մանրամասնութիւնները, ապա կողմերը քննարկեցին համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւնները։