ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Դաշնակցական Պօղոս Պօղոսեանի մահուան վերաբերեալ յարուցուած քրէական գործով նոր յայտնաբերուած հանգամանքներուն իբրեւ հետեւանք՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգրքի 104րդ յօդուածի 2րդ մասի 7րդ եւ 10րդ կէտերով նախատեսուած առերեւոյթ յանցագործութեան յատկանիշներով, Երեւան քաղաքի դատախազութեան մօտ յարուցուած է վարոյթ, եւ քննութիւն կատարելու յանձնարարութեամբ՝ անիկա ուղարկուած է Հայաստանի քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւններու քննութեան բաժինին:
«Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան:
«2019 թուականի Սեպտեմբերի 12ին, ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւնից քրէադատավարական կարգով քննարկելու նպատակով Երեւան քաղաքի դատախազութիւն է ուղարկուել Սթիւեն Ջոն Նիւտոնի ներկայացուցիչների դիմումը, դրան կից ներկայացուած ու թարգմանուած փաստաթղթերը, ինչպէս նաեւ Երեւան քաղաքի Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանների առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանում քննուած՝ 2001թ. Սեպտեմբերի 24ի լոյս 25ի գիշերը, «Առագաստ» սրճարանում Պօղոս Պօղոսեանի սպանութեան վերաբերեալ քրէական գործը», պատմեց Աբրահամեան:
Ան ընդգծեց, որ այդ գործով Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի 21 Փետրուարի 2002ի դատավճիռով՝ անվտանգութեան ծառայութեան աշխատակից հանդիսացող Աղամալ Յարութիւնեան մեղաւոր ճանաչուեցաւ ՀՀ նախկին քրէական օրէնսգրքի 103րդ յօդուածով՝ յանցաւոր անփութութիւն դրսեւորելով անզգոյշ սպանութիւն կատարելուն մէջ եւ դատապարտուեցաւ 2 տարուան բանտարկութեան:
Ըստ անոր՝ Երեւան քաղաքի դատախազութեան կողմէ անոնց ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք՝ պարզուեցաւ, որ 25 Սեպտեմբերի 2001ին, Հայաստանի նախկին քրէական օրէնսգրքի 100րդ յօդուածով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներով յարուցուած քրէական գործով՝ Աղամալ Յարութիւնեանի նկատմամբ մեղադրանք առաջադրուած է նախկին քրէական օրէնսգրքի 103րդ յօդուածով: Մեղադրանքը առաջադրուած է, որովհետեւ 25 Սեպտեմբերի 2001ի կէս գիշերուան շուրջ ժամը 12:30ին, Երեւանի «Առագաստ» սրճարանի պէտքարանին մէջ վերջինիս եւ ոգելից խմիչք օգտագործած վիճակի մէջ գտնուած Պ. Պօղոսեանի միջեւ տեղի ունեցած է փոխադարձ քաշքշուք, հասցուած են փոխադարձ հարուածներ, որոնց ընթացքին Պ. Պօղոսեան մէջքին ուղղութեամբ ինկած է, գլխի ետեւի մասով հարուածուելով սալիկապատ յատակին, որուն իբրեւ հետեւանք՝ ստացած ուղեղային ծանր հարուածէն մահացած է: Ըստ մեղադրանքին՝ Աղամալ Յարութիւնեան դրսեւորած է յանցաւոր անփութութիւն, որմով կատարած անզգոյշ սպանութիւն:
«Երեւանի Կենտրոն եւ Նորք-Մարաշ վարչական շրջանների ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի 2002թ. Փետրուարի 21ի դատավճռով ամբաստանեալ Աղամալ Յարութիւնեանը մեղաւոր է ճանաչուել նշուած յօդուածով եւ դատապարտուել է 2 տարի ժամկէտով ազատազրկման, միաժամանակ նշանակուած պատիժը պայմանականօրէն չի կիրառուել եւ սահմանուել է փորձաշրջան՝ 1 տարի ժամանակով: Դատավճռի դէմ տուժողի իրաւայաջորդի կողմից դատական ակտի դէմ տարուել է վերաքննիչ բողոք, որը, սակայն թողնուել է առանց քննութեան», տեղեկացուց Գոռ Աբրահամեան:
Ան շեշտեց, որ Երեւան քաղաքի դատախազութեան կողմէ ուսումնասիրուած է նշուած դէպքին վերաբերեալ Սթիւեն Ջոն Նիւտոնի ներկայացուցիչներուն կողմէ Հայաստանի գլխաւոր դատախազին հասցէագրուած դիմումը եւ անոր կից՝ վերոնշեալ դէպքին վերաբերեալ Նիւտոնի յայտարարութիւնը: Պարզուեցաւ, որ յայտարարութիւնը դէպքին մասին էական նշանակութիւն ունեցող տեղեկութիւններ կը պարունակէ, ինչը հաստատուած համարուած է քրէական գործի քննութենէն ետք: Տեղեկութիւնները առերեւոյթ կը վկայեն այն մասին, որ Պ. Պօղոսեան կեանքէ զրկուած է ոչ թէ անզգուշութեամբ, այլ Աղամալ Յարութիւնեանի եւ գործով չպարզուած այլ անձերու կողմէ՝ դիտաւորութեամբ եւ խուլիկանական դրդումներով:
«Այսինքն՝ առերեւոյթ ի յայտ են եկել այնպիսի հանգամանքներ, որոնք գործով մինչ այդ պարզուած հանգամանքների հետ համակցութեամբ կարող են ապացուցել, որ Աղամալ Յարութիւնեանն առերեւոյթ կատարել է աւելի ծանր յանցանք՝ սպանութիւն ծանրացուցիչ հանգամանքներում, քան այն, որի համար վերջինս դատապարտուել է: Բացի այդ, դրանք առերեւոյթ վկայում են յանցանքի կատարմանը նաեւ այլ անձանց մասնակցութեան վերաբերեալ: Նշուած հանգամանքների մասին յայտնի չի եղել քրէական գործի քննութեան ընթացքում: Ելնելով վերոգրեալից Պ. Պօղոսեանի մահուան փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործով նոր երեւան եկած հանգամանքների հետեւանքով ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 104րդ յօդուածի 2րդ մասի 7րդ եւ 10րդ կէտերով նախատեսուած առերեւոյթ յանցագործութեան յատկանիշներով Երեւան քաղաքի դատախազութիւնում յարուցուել է վարոյթ եւ քննութիւն կատարելու յանձնարարութեամբ ուղարկուել ՀՀ քննչական կոմիտէի Երեւան քաղաքի քննչական վարչութեան ծանր յանցագործութիւնների քննութեան բաժին», ըսաւ Աբրահամեան: